Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Պատուիրակութեան Հանդիպումները Արժանթինի Խորհրդարանին Մէջ

May 3, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

30 ապրիլին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Արժանթինի խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցած է Պուենոս Այրեսի նախկին քաղաքապետ, Արժանթինի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար, իշխող համաձայնական դաշինքին մաս կազմող «Ռատիքալներու  քաղաքացիական միութիւն» կուսակցութեան անդամ Ֆաքունտօ Սուարեզ  Լասթրային հետ:

Հանդիպումի ընթացքին Մասիս Մայիլեան ներկայացուցած է Արցախի պատուիրակութեան այցելութեան նպատակները: Անդրադարձ  կատարուած է նաեւ հարաւկովկասեան շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին եւ կայունութեան հաստատման հեռանկարներուն:

Նոյն օրը Արցախի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Արժանթինի արտաքին գործոց նախկին նախարար, ազդեցիկ «Արդարութեան կուսակցութեան» նախագահ, Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու ընդհանուր տնտեսական գօտիի (Մերքոսուր) խորհուրդի անդամ Խորխէ Տայանայի հետ:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթներուն: Կողմերը նաեւ քննարկած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր:

Մասիս Մայիլեան Ելոյթ Ունեցած Է Պուենոս Այրեսի Գիրքի Միջազգային Փառատօնին

1 մայիսին Արժանթին գտնուող Արցախի պատուիրակութիւնը այցելութեան վերջին օրը մասնակցած է Պուենոս Այրեսի մէջ տեղի ունեցած գիրքի 45-րդ միջազգային փառատօնին:

Յայտնի միջազգային նախաձեռնութեան մասնակից չորս տասնեակէ աւելի երկիրներու շարքին Հայաստանը ներկայացուած է առանձին տաղաւարով, որուն հաւաքածոն համալրուած է Արցախի պատուիրակութեան կողմէ նուիրուած գիրքերով:

Փառատօնի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցած է ձեռնարկ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան, որուն ներկայ էին աւելի քան 1200 հանդիսականներ: Ձեռնարկին ելոյթ ունեցած է Արցախի պատուիրակութեան ղեկավար Մասիս Մայիլեանը: Իր խօսքին մէջ ան յատկապէս ընդգծած է Արցախի ժողովուրդի առանձնայատուկ սէրը գիրքի եւ ընթերցանութեան նկատմամբ:

Նախարար Մայիլեան շնորհակալութիւն յայտնած է Արժանթինի Հանրապետութեան հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ապահոված են արդիւնաւէտ այցելութեան կազմակերպումը:

 

 

Նախորդը

Դաշնակցական Երիտասարդները Ահազանգ Կը Հնչեցնեն Եկամտահարկի Համահարթեցման Առաջարկին Դէմ

Յաջորդը

Շուէտի Խորհրդարանը Վաւերացուցած Է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.