Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Մայիս 1969)

May 3, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զրոյց` «Նոր Հայ»-ուն Շուրջ

 

Առանձին յօդուածով մը ներկայացուցած էի «նոր հայ»-ու տիպարը: Այսինքն` այն հայը, որ ամբողջապէս սփիւռքի արտադրութիւն է, կտրուած` անցեալի յուշերէն, աւանդութիւններէն, կարօտներէն եւ մինչեւ իսկ մայրենի լեզուէն: Այսուհանդերձ, հայ կը զգայ ինքզինք, որովհետեւ ներքնապէս կ՛ապրի իր ազգային պատկանելիութեան տագնապը եւ մտքի ճամբով կ՛ուզէ հաղորդակցիլ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ անոր արդար Դատին հետ:

Բարեկամ մը, որ շատ մը ուրիշներու պէս ընդվզած էր այս «նոր հայ»-ուն պատկերին առջեւ, հարց տուաւ ինծի.

– Աղբա՛ր, ասանկ հայ կ՛ըլլա՞յ: Հայերէն պիտի չխօսի, հայու սովորութիւնները պիտի մոռնայ, հայու ցաւն ու կարօտը պիտի չապրի, եւ մենք ասանկ մէկը «հայ» պիտի կոչենք: Ո՛չ, չեմ կրնար ըմբռնել. հայ ըսածդ աչքերուն մէջ արցունքի կաթիլներ պիտի զգայ, երբ մեր երգերը երգուին եւ երբ ա՜խ Հայաստան բացագանչէ:

Բարեկամիս ընդվզումը արդար էր` իր սերունդի հաշուին: Բայց «նոր հայ»-ու տիպարն ալ իրողութիւն ըլլալէ չէր դադրեր` Ֆրանսայէն մինչեւ Ամերիկա: Ուստի աշխատեցայ բացատրել երեւոյթը եւ մխիթարել զինք:

– Մտիկ ըրէ,- ըսի,- դուն գիւղացի մարդ ես եւ հողին օրէնքներէն լաւ կը հասկնաս: Ամէն հող որոշ արտադրութեան յարմարութիւններ կ՛ունենայ: Ամէն ծառ որոշ պտուղ մը կու տայ: Կարելի չէ խնձորենիէն կեռաս պահանջել: Արդ, սփիւռքի հողերն ու ծառերն ալ իրենց իւրայատուկ պտուղները ունին: Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի հողերէն չենք կրնար մշեցի կամ սեբաստացի հայեր ստանալ: Մոռցի՛ր այլեւս այդ բերքը: Սիրես կամ ոչ` մեր տարագիր կեանքի յիսնամեայ պատմութիւնը մեզի սկսած է տալ նոր տեսակի պտուղ մը:

– Խա՛կ է եւ անհամ այդ պտուղը,- բացագանչեց բարեկամս:

– Կրնայ ըլլալ,- հանդարտեցուցի զինք,- եւ յետոյ` քիչ մըն ալ քիմքի ու վարժութեան հարց է: Աւելի երկար համտեսելով` թերեւս համով գտնենք հայութեան այս նոր պտուղները: Գիտե՞ս՝ անոնք ալ ինչ կ՛ըսեն մեզի համար: Կ՛ըսեն, որ չափազանց հասունցած ըլլալով` մեր քաղցրութիւնը սկսած է սիրտ առնել եւ ախորժակ գոցել…

– Լուրջ հարցերը կատակի կու տաս:

– Ո՛չ, կատակ չէ ըրածս: Սեպէ, որ սփիւռքի հողերը հայկական ո՛չ մէկ պտուղ տային, սեպէ, որ մեր կենսունակութեան ծառերը բոլորը մէկ չորցած ըլլային, ինչպէս կը սպասուէր երեսուն-քառասուն տարի առաջ, այն ատեն աւելի՞ լաւ պիտի ըլլար: Գոնէ հիմա նոր սերունդին ներկայացուցիչները տարբեր ձեւով եւ տարբեր ճամբաներով իրենց մայր ժողովուրդի եւ մայր հայրենիքի ճակատագրով կը հետաքրքրուին: Ամբողջական ուծացումի եւ ամբողջական կորուստի փոխարէն` այսքանն իսկ մխիթարական չե՞ս գտներ:

Բարեկամս իսկական «հին հայ» մըն էր` պորտին կապը հայրենի երդիկին տակ ձգած: Գլուխը շարժեց խորհրդաւոր եղանակով մը եւ ըսաւ.

– Է՛հ, լա՛ւ, աս քու «նոր հայերդ» պիտի կրնա՞ն հիներուն լքած դիրքերը գրաւել արժանաւորապէս, պիտի ուզե՞ն պատասխանատուութիւններ ստանձնել ազգային պայքարի ճակատներուն վրայ:

– Հա՛, ճիշդ հոս է բուն խնդիրը,- պատասխանեցի մտահոգ,- ինծի համար ալ դեռ պարզ չէ, թէ նորերը պիտի յայտնաբերե՞ն արդեօք զոհողութեան եւ ազգային ծառայութիւններու այն ոգին, որ իրենց պապերուն մեծագոյն արժանիքը եղաւ: Ժամանակը եւ միջավայրը կը փոխեն շատ բան, ապրելակերպի ձեւերը, արդուզարդի նորոյթները, մինչեւ իսկ` գաղափարները: Այս բոլորին հետ կարելի է հաշտուիլ` իբրեւ յեղաշրջումի բնական երեւոյթներ: Սակայն գոյութիւն ունի հիմնական արժէք մը, որ արդէն կը բխի եւ ժամանակի ու միջավայրի պայմաններէն դուրս կը մնայ: Ատիկա, ահաւասիկ, գաղափարի մը համար պայքար մղելու անդիմադրելի կիրքն է ու կոչումը: Այս զգացումը կա՛մ կայ կամ չկայ:

– Լա՛ւ որ դուն կ՛ըսես,- քաջալերուեցաւ բարեկամս:

– Մի աճապարեր, հին սերունդին մէջ ալ նուիրեալներու, ուխտեալներու եւ զինուորեալներու բազմութիւնը մեծ թիւ մը չի կազմեր: Բոլոր «ա՜խ Հայաստան» ըսողները պատրաստ չէին Հայաստանի համար զոհուելու:

– Աղբա՛ր, խոշոր բառերու պէտք չկայ, մենք պահանջած չունինք, որ երթան եւ Հայաստանի համար արիւն թափեն, այլ թող մեզ ուրախացնեն` առօրեայ պզտիկ գործերու գլուխը անցնելով: Օրինակ` այդ քու «նոր հայերդ» թող դուրս գան իրենց մեկուսացումէն, իրենց մատենադարաններէն, իրենց հաճոյալի շրջանակներէն եւ թող մտնեն մեր միութիւններուն մէջ: Որքա՜ն գործ կայ կատարելիք ամէն տեղ: Համեստ գործեր` անշուշտ, որոնք յիսուն տարի մը եւս մեր բազմութիւնները հայ պահելու պիտի ծառայեն օտար երկինքներու տակ: Իմ ուզածս ա՛յս է. ի՛նչ տեսակ հայ կ՛ուզեն, թող ըլլան, միայն թէ թող աշխատին իրենց ժողովուրդին համար:

– Կարծեմ այս կէտին շուրջ տարակարծութիւն չունինք: Մեր ամբողջ ճիգը պէտք է ըլլայ այսուհետեւ «նոր հայերը» գործի լծել, պատասխանատուութիւններու վարժեցնել, դիրքերու եւ պաշտօններու կոչել: Այլապէս, անիմաստ ներկայութիւն մը պիտի ըլլար հայ կեանքի լուսանցքին վրայ շարուիլ եւ հայոց անցեալն ու գալիքը դիտել ամաթէօր մարդու աչքերով: Ամէն զաւակ իր տան ու ազգին հանդէպ պարտաւորութիւններ ունի կատարելիք, եթէ իսկապէս ինքզինք հարազատ մէկ անդամը կը զգայ այդ հաւաքականութեան:

– Կը կասկածիմ, որ անոնք մեր ըրածը կարենան ընել,- մրմնջեց բարեկամս թերահաւատ:

Ո՞վ պիտի կարենայ այս կասկածը փարատել, եթէ ոչ իրենք` «նոր հայու» ներկայացուցիչները, իրենց կենդանի գործով եւ տիրական հաւատքով:

Մ. ԻՇԽԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Նահատակները Մեր Վաղուան Յաղթանակներուն Կերտիչներն Են, Յարգա՛նք Անոնց Յիշատակին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.