Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ` ՆԱՀԱՏԱԿ ԵՒ ՆՆՋԵՑԵԱԼ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

December 19, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2011-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ՀՄԸՄ-ի բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար:

Աւանդութիւն դարձած հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, մասնաճիւղերու վարչութիւնները, Շրջանային վարչութիւնը, մասնաճիւղերու վարչութիւնները, Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու Շրջանային խմբապետական կազմը, նախկին կեդրոնական եւ շրջանային վարչութիւններու անդամներ, վեթերան քոյրեր, եղբայրներ, մարզիկներ եւ սկաուտներ:

Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց ու քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:

Իր քարոզին մէջ ան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի ունեցած դերակատարութիւնը ազգային կեանքին մէջ վեր առաւ ՀՄԸՄ-ականին ծառայելու արժանիքն ու իր ընտանիքէն աւելի մեծ ընտանիքին` միութեան նուիրուելու օրինակելի երեւոյթը:

Յետ հոգեհանգստեան պաշտօնին, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ սրբազան հօր ներկայութեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներն ու Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ընդունեցին ցաւակցութիւններ: Այս առիթով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ` Յակոբ Քէշիշեան: Ան ըսաւ. «Հաւատարիմ ՀՄԸՄ-ի աւանդութեան` այսօր մեզմէ անվերադարձ բաժնուողներուն յարգանքի տուրք տալու «Օր»-ն է:

«Հաւաքուած ենք ոգեկոչելու համար յիշատակը նահատակ կամ ննջեցեալ բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն, ըլլան անոնք սկաուտ, մարզիկ թէ վարչական գործունէութիւն տարած քոյր-եղբայրներ: Անոնք` անցեալին մէջ գործած անմահներ են, որոնք համոզուած ՀՄԸՄ-ի վեհ գաղափարին երկար տարիներ գործած են ու անցած: Անոնք տուին անհաշիւ, տուին անսակարկ եւ մինչեւ իրենց վերջին շունչը նուիրուեցան միութեան վսեմ գաղափարին եւ անոր անզուգական «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանին:

«Իրերայաջորդ սերունդներ, իրենց տասնեակ տարիներու վաստակը ունեցան վերելքին եւ ուռճացման, այս միութեան, որ ծլարձակելով ու բազմանալով աշխարհի տարածքին, եղաւ 103 ճիւղերով հաստաբուն ծառ մը:

«Ինչպէ՛ս կարելի է մոռնալ յիշատակը այն մարզիկներուն, որոնք երկար տարիներ քրտինք թափեցին դաշտերու վրայ` բարձր պահելու համար միութեան դրօշը: Ինչպէ՛ս կարելի է չյիշել այն բոլոր քոյրերն ու եղբայրները, որոնք զրկուելով անձնական հաճոյքներէ եւ նոյնիսկ իրենց հարազատ ընտանիքներէն, տարիներ տրամադրեցին ծրագրելու եւ իրագործելու համար լաւագոյնը` ի նպաստ միութեան շահերուն: Ինչպէս մոռնալ կակուղ-թաթիկէն մինչեւ շեփորախումբերու անդամներն ու սկաուտական բարձրագոյն դիրքերուն վրան գործած պատասխանատու քոյրերն ու եղբայրները, որոնք սկաուտական այբուբենը սորվեցուցին նորեկներուն` եւ օր մը հպարտօրէն տողանցեցին հայկական թաղերուն մէջ, թէ մայիսեան փառատօներու ընթացքին:

«Այս բոլորը պարտք կը դնեն մեր վրայ, որ չմոռնանք զիրենք ու ոգեկոչենք յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք նուիրուեցան ՀՄԸՄ-ին ու գործեցին միութեան համար:

«Կը սգանք հին թէ նոր մահացած բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն կորուստը անխտիր եւ կ՛ոգեկոչենք անոնց վառ յիշատակը, յատկապէս յիշելով վերջին շրջանին մեզմէ բաժնուած վաստակաւոր եղբայրներ`

Վրէժ Ֆուճուրեանը, Գէորգ Գարապոյաճեանը, Տիգրան Նուպարեանը, Վահէ Մինասեան ու Սարգիս Աճէմեանը:

«ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով կը խոնարհիմ մեզմէ յաւերժ բաժնուած ՀՄԸՄ-ի ընտանիքի ամենահամեստ մարզիկէն ու սկաուտէն, յանձնախումբերու թէ վարչութիւններու մաս կազմած եւ մինչեւ բարձրագոյն դիրքերու վրայ գործած ու անցած բոլոր ՀՄԸՄ-ական քոյր-եղբայրներուն յիշատակին առջեւ:

«Քաջառողջ եւ երկար կեանք կը մաղթեմ համայն ՀՄԸՄ-ականներուն եւ հայ ազգի բոլոր զաւակներուն:

«Խունկ ու մոմ մեզմէ բաժնուած բոլոր ՀՄԸՄ-ականներու անմահ յիշատակին»:

Նախորդը

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ. ԿԱՐԻՆԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Յաջորդը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.