Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖԻՆԻՒԼ-ի Խաղաղապահ Ուժերուն Մաս Կազմող Հայկական Ջոկատը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

April 30, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 26 ապրիլ 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը` գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, դեսպանատան քարտուղարներէն Դաւիթ Ալավերտեանն ու զինուորական կցորդ Ալեքսան Մուշեղեանը, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլը:

«Ինծի համար հոգեկան անհուն ուրախութիւն է ողջունել ձեզ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Դուք մեր ժողովուրդին համար հպարտութեան, հզօրութեան եւ միասնականութեան աղբիւրն ու երաշխիքն էք», ըսաւ վեհափառը իր բարի գալուստի խօսքին մէջ` աւելցնելով. «Ես հայոց բանակը կը նկատեմ ամբողջ հայութեան բանակը»:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կացութեան ու այս գծով հայկական բանակին վստահուած սրբազան առաքելութեան: «Բանակի մը զօրութեան աղբիւրը միայն զինամթերքը չէ, այլ ամէն բանէ առաջ հաւատքն է. հայրենիքի պաշտպանութեան գիտակից յանձնառութիւնն է», ընդգծեց հայրապետը ու լուսարձակի տակ առաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին հայ երիտասարդներուն հոսքը դէպի հայրենիք` հողերու պաշտպանութեան. «Մենք բոլորս նոյն արեան կանչը ունինք, որովհետեւ նոյն ազգին զաւակներն ենք, եւ վստահ եղէք, որ ինքզինք հայ նկատող իւրաքանչիւր անհատ կապուած է ձեզի», աւելցուց վեհափառ հայրապետը:

Անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին Սիսի նստավայրէն Անթիլիաս տարագրուելու պատմութեան` վեհափառը հակիրճ կերպով ներկայացուց կաթողիկոսութիւնը ու խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան մասին: Ան յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընթացքին տեղի ունեցաւ համազգային հռչակագիրի յայտարարութիւն, ուր Հայաստանի իշխանութիւնը եւ սփիւռքը բարձրացուցին իրենց պահանջները` «բնականաբար տարբեր շեշտերով. սա կարեւոր է, սակայն այդ տարբերութիւնները պէտք է տեղ մը համադրուին ու ներդաշնակուին, որովհետեւ ուղղուածութիւնն ու նպատակը մէկ է», ընդգծեց Արամ Ա.:

Խօսելով ՖԻՆԻՒԼ-ի հայկական ջոկատին Լիբանանի մէջ տարած ծառայութեան մասին, վեհափառը ըսաւ, թէ Լիբանանը հայերուն զօրակից ու գործակից երկիր մըն է, եւ անոր ժողովուրդը հպարտ է հայկական բանակով, որովհետեւ ան կը ծառայէ արդարութեան. «Ձեր ճամբով երկու ժողովուրդներուն` հայերուն ու արաբներուն յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի կ՛ամրապնդուին», ըսաւ ան:

Հանդիպումէն ետք, ջոկատը եղաւ վեհափառ հայրապետին ճաշի հիւրը:

Նշենք, որ ջոկատի անդամները շրջեցան մայրավանքի շրջափակը, այցելեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան հարիւրամեակի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն` Սրբոց Նահատակաց մատրան առջեւ ու հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին Սարդարապատի ճակատամարտ մղած երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոսին շիրիմին առջեւ: Ջոկատը նաեւ այցելեց Ս. Աստուածածին վանք, Ժիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»-ի որբանոց եւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան:

 

Նախորդը

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին. «Պէտք Է Ապրինք Մեր Պատմութեան Կշռոյթով Եւ Պատգամով» Շեշտեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Յաջորդը

Ժիպէյլի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում. Ղասսան Շամիի Խօսքը. «Հայոց Յարութիւնը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.