Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը Կը Յայտարարէ. «Իբրեւ Անատոլուի Եւ Միջագետքի Հին Ժողովուրդներ` Կը Կիսենք Ձեր Ցաւը»

April 26, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Մեզոփոթամիաաժանսը» կայքը:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կը նշուի. «Երկու հազարէն աւելի հայ մտաւորականներ, իրենց տուներէն հանելով եւ մահուան ուղարկելով, սկսան հոլովոյթի մը, որ շարունակուեցաւ հարիւր հազարաւոր հայերու աքսորով եւ անոնց մեծ մասին համակարգուած սպանութեամբ», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Քրտամէտ կուսակցութիւնը նաեւ նշած է, որ կը շարունակէ «Մէկ ազգ, մէկ կրօն, մէկ լեզու» հայեցակարգի ծիրին մէջ բազմազանութիւնը ջնջելուն եւ միատարր հասարակութիւն ստեղծելուն դէմ քայլերը:

Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կը նշէ. «Մարդկութեան դէմ ոճիրները ողբալը եւ պատմական իրողութիւններուն հետ առերեսուիլը, զոհերէն ու համայնքներէն ներում հայցելը եւ վերականգնողական արդարութեան դիմելը, զիրար հասկնալն ու անկեղծ մօտեցումով  վէրքերը բուժելը հասարակաց ապագայի կառուցման կենսական քայլեր են: Խիղճի եւ արդարութեան զգացումներ զարգացնելը, ինչպէս նաեւ այս մեծ ցաւը կիսելը եւս ժողովրդավարական, խաղաղ եւ միասնաբար հաւասար ապագայ կառուցելու ուղի են»:

«Իբրեւ Անատոլուի եւ Միջագետքի հին ժողովուրդներու թոռները, կը կիսենք 104-ամեայ թախիծն ու ցաւը, եւ տխրութեամբ ու յարգանքով  կ՛ոգեկոչենք բոլոր անոնք, որոնք ինկան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Միւս կողմէ, «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն երեսփոխան Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին առաջարկ ներկայացուցած է 24 ապրիլ 1915-ին ձերբակալուած, ապա դաժանաբար սպաննուած հայ մտաւորականներու վերաբերեալ հետաքննութեան սկսելու վերաբերեալ:

«Պէտք է հետաքննել սպաննուած մտաւորականներու ճակատագիրը, բացայայտել անոնց աճիւններուն գտնուելու վայրը, անոնց արժանացնել համապատասխան թաղման արարողութեան: Հայերը արդէն 104 տարի է` կը սպասեն արդարութեան», նշուած է առաջարկին մէջ:

Նախորդը

«Գողգոթան… Որ Իբրեւ Գարուն Ծաղկեցաւ» Խորագիրով Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Մաարապի Մէջ

Յաջորդը

«Կիպրոս Կ՛աջակցի Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Հայաստանի Ջանքերուն» Կ՛ըսէ Կիպրոսի Նախագահը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.