Երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղերու խմբապետական կազմերը, Շրջանային խմբապետութիւնը, մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդն ու Շրջանային սկաուտական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ` ներկայացնելով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի բոլոր մասնաճիւղերը, այցելեցին Պիքֆայայի յուշարձան, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին:
Երեկոյեան ժամը 6:30-ին սկաուտները արդէն հասած էին Պիքֆայա Ս. Աստուածածին մատուռ, ուր տեղի ունեցաւ մէկուկէս միլիոն սրբադասուած Ս. նահատակներուն նուիրուած եկեղեցական արարողութիւն:
Ապա բոլորը միասին լուռ երթով ուղղուեցան դէպի սուրբ նահատակներու յուշարձան եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտներուն ու մարզիկներուն անունով ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ զետեղեցին, այնուհետեւ 1 վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Խօսք առնելով Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան ըսաւ, որ թէեւ անցած են 104 տարիներ 20-րդ դարու առաջին եւ զարհուրելի ողբերգութենէն, բայց հայ ժողովուրդը չյանձնուեցաւ: Հայ ժողովուրդը իր կրօնական, քաղաքական եւ աշխարհիկ խաւերով դիմադրեց դժուարութիւններուն եւ միայն իր ուժերով ու ջանքերով Հայ դատը հասցուց միջազգային ընտանիքին: Այս պայքարը սակայն տակաւին չէ աւարտած: Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած եւ 100-ամեակ մը բոլորած աշխարհատարած միութիւնը այս պայքարի մասնիկն է: Ան խօսքը ուղղելով խմբապետներուն աւելցուց, որ ամէն ապրիլ 23-ի երեկոյեան ՀՄԸՄ-ական սկաուտները կը վերանորոգեն իրենց խոստումը` շարունակելու այս պայքարը, յիշելու, յիշեցնելու եւ պահանջելու հայ ժողովուրդի իրաւունքները, մինչեւ որ հասնինք հայ ազգի ամբողջական իրաւունքներու վերատիրացման:
Տէրունական աղօթքի եւ «Կիլիկիա» օրհներգի երգեցողութենէն ետք, սկաուտները վառեցին մոմերը եւ զանոնք զետեղելով գետինը կազմեցին «ՀՄԸՄ Լիբանան 104» գրութիւնը:
Հսկումի աւարտին սկաուտները «Յառա՛ջ, նահատակ» քայլերգով ուխտեցին վառ պահել Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը:



