Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքի Իսլամներու Առաջնորդը Կոչ Ուղղած Է Թուրքիոյ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

April 19, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի Ազգային կրօնական խորհուրդի նախագահ շէյխ Եուսիֆ Նասրի յայտարարած է, թէ Թուրքիան պէտք է հայ ժողովուրդէն  ներում հայցէ «իր արարքներուն համար»` նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը գրէ «Ասպարէզ»-ը:

17 ապրիլին Նասրի հանդիպում ունեցած է Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Փոլատեանին հետ: Հոգեւորականը հանդիպումին ընթացքին դատապարտած է Օսմանեան կայսրութեան իրագործած «անմարդկային ոճիրը»` կոչ ուղղելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ներում հայցելու իրենց իսկ սերունդին անունով:

Հանդիպումին ներկայ այլ հոգեւոր առաջնորդներ եւս զրուցած են  Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին հետ` խօսելով Իրաքի մէջ կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն միջեւ  համագործակցութիւնը ամրապնդելու իրենց ջանքերուն մասին եւ ընդգծելով յատկապէս պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք Իրաքի հայ համայնքի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Իրաքի թեմի անգնահատելի դերը:

Հանդիպումի աւարտին հոգեւոր առաջնորդները իրենց ողջոյններն ու բարեմաղթանքները յղած են Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.  կաթողիկոսին: Անոնք նաեւ կարեւոր նկատած են Իրաքի բազմազգ եւ բազմակրօն բնակչութեան պահանջները բաւարարելու համար միացեալ նախաձեռնութիւններ մշակելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

«Կառավարութեան Կառուցուածքի Եւ Գործունէութեան Մասին» Օրէնքին Մէջ Փոփոխութիւններ Կատարելու Մասին Նախագիծը Ընդունուեցաւ

Յաջորդը

Ֆրանսայի Վարչապետը Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օրուան Ձեռնարկի Ընթացքին Կառավարութեան Անունով Խօսք Մը Պիտի Արտասանէ

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.