Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լա՛ւ Որ Հոս Էինք Թատրոնին Օրը (Տպաւորութիւն` «Արեգ» Թատերախումբի Ներկայացման Առիթով)

April 19, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆՕ

Ազգականներ տեսնելու համար քանի մը հարազատներով առաջին անգամ ըլլալով Պոլիսէն Պէյրութ կ՛այցելենք:

Մեզ հիւրընկալողները, երբ մեզի հարցուցին, թէ կ՛ուզե՞նք ներկայ գտնուիլ թատերական ներկայացումին, ճիշդը, ես  խաթրի համար ընդունեցի մեր թոռնիկներուն տարիքը եղող տղոց  թատրոնը դիտելու առաջարկը` մտածելով, որ մեր քաղաքին մէջ բազմաթիւ թատրոններ դիտած ենք, ես ալ դերեր խաղացած եմ, այս «չոճուխ»-ներուն ըրածը  ի՞նչ պիտի ըլլայ:

Այնպէս պատահեցաւ, որ ներկայացումէն օր մը առաջ մեզ Արաքս փողոցը պտտցուցին եւ թատերասրահ տարին, ուր տղաքը կը պատրաստուէին վերջին փորձին:

Ի՜նչ մեղքս պահեմ, արցունքներս հազիւ կը զսպէի: Բոլորն ալ իրարու հետ մաքուր հայերէն կը խօսէին, իրարու շատ մօտիկ ընկերներ էին եւ շատ լուրջ պատրաստութիւններ կը տեսնէին, ըլլալիք աշխատանքներուն մասին կը խօսէին, մեզի շատ հաճելի թուացող հայերէնով մը:

Անհամբեր սպասեցինք յաջորդ գիշերուան:

Երբ սրահ մտանք եւ այդքան հայ երիտասարդներ տեսանք` բոլորն ալ հայերէն խօսող, այս անգամ չկրցայ արցունքներս զսպել:

Ներկայացումը կատակերգութիւն էր, բայց աչքերս երկուքը մէյ մը կ՛արցունքոտէին:

Այդ ի՜նչ հրաշալի, անուշիկ, համով-հոտով  տղաներու աղջիկներ էին: Ի՜նչ աղուոր խաղարկութիւն, արագութիւն, հասկացողութիւն: Շատ բծախնդիր աշխատանք:

Մտածեցի, որ մենք Պոլիս շատ ետ գացած ենք: Այս «չոճուխ»-ները մեծ մարդիկ են, որոնք շատ լաւ  կատարեցին իրենց  դերերը:

Անոնք մեզմէ շատ լաւ են:

Ուրախ եմ, որ աւելի լաւ են:

Աստուած պահէ բոլորն ալ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Վերելք` Հիւսիսէն

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.