Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեզուակապ-Tongue Tie

April 18, 2019
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր լեզուին տակը ի ծնէ ունի պզտիկ, աննշան, բարակ խլնաթաղանթային մաշկ մը (band), որ կը կոչուի սանձ-սանձիկ (frenulum):  Այս կապը ոչ մէկ պաշտօն ունի եւ ոչ մէկ ձեւով արգելք կը հանդիսանայ լեզուի շարժումներուն: Ընդհանրապէս սանձիկը ամբողջութեամբ եւ կամ մասնակի կ՛անյայտանայ ծնունդէն քանի մը ամիս ետք: Բնական պայմաններու մէջ  սանձիկի ներկայութեան լեզուն ազատօրէն կը շարժի, կը ցցուի բերնէն դուրս եւ կը դպչի քիմքին ու ակռաներուն:

Շատ մը նորածին մանուկներու մօտ այս սանձիկը աւելի մեծ, հաստ եւ նշմարելի կ՛ըլլայ եւ կ՛երկարի լեզուի ծայրամասէն մինչեւ բերնի յատակը: Այս անբնական մաշկը կը կոչուի լեզուակապ: Ուրեմն լեզուակապը ընդոծին անբնական մաշկ մըն է լեզուին տակը:

Լեզուակապը կը սահմանափակէ լեզուի շարժումները: Լեզուակապ ունեցող մանուկը չի կրնար լեզուն ազատօրէն շարժել բերնին մէջ,  լեզուն բերնէն դուրս ցցել եւ լեզուն քիմքին դպցնել: Անոր լեզուին ծայրը կ՛ըլլայ ճզմուած-ճնշուած pinched), երբ ան կը փորձէ լեզուն բերնէն դուրս ցցել: Ան կ՛ունենայ ուտելու, խօսելու, կլլելու եւ մօրը կրծքագեղձի պտուկը ծծելու դժուարութիւն: Այս դժուարութիւններու տարողութիւնը կախեալ է լեզուակապի չափէն, հաստութենէն եւ կարծրութենէն, այսինքն պզտիկ լեզուակապ ունեցող մանուկը հաւանաբար վերոյիշեալ դժուարութիւնները չունենայ:

Լեզուակապը կը պատահի թէ՛ տղոց եւ թէ՛ աղջիկներուն, սակայն առաւելաբար` տղոց: Ընտանիքի մը մէկէ աւելի անդամներ կրնան ունենալ լեզուակապ: Անիկա կը յայտնուի նաեւ սերունդէ սերունդ:

Լեզուակապ ունեցողը երեխան կ՛ունենայ որոշ բարդութիւններ, այսպէս`

1.- Սնանելու դժուարութիւն.- Մանուկին մայրը չի կրնար բնական ձեւով դիեցնել իր զաւակը: Բնական պայմաններու մէջ դիեցումի ժամանակ մանուկը կը զետեղէ իր լեզուն վարի լինտին վրայ, որպէսզի կարենայ ծծել մօրը կրծքա-գեղձին պտուկը: Լեզուակապի պարագային մանուկը չի կրնար ազատօրէն շարժել իր լեզուն եւ զետեղել լեզուն վարի լինտին վրայ, հետեւաբար ան չի կրնար ծծել մօրը պտուկը: Մանուկը կը չարչարուի, կը յոգնի, կատարեալ չափով սնունդ չի ստանար, իսկ մայրը  կը տառապի պտուկի ցաւէ:

2.- Որոշ գիրերու հնչողութեան դժուարութիւն, մասնաւորապէս`  Դ, Տ, Զ, Ս, Ր  գիրերը: Մանուկը այս դժուարութիւնը կ՛ունենայ, որովհետեւ չի կրնար իր լեզուն դպցնել քիմքին եւ շրթունքներուն:

3.- Բերնի վատառողջ վիճակ, լինտաբորբ, ակռաներու փտում (decay) եւ վարի առջեւի երկու ակռաներու բացութիւն: Երեխան չի կրնար լեզուով մաքրել ակռաները եւ լինտերը` լեզուի անշարժութեան պատճառով:

4.- Պաղպաղակ կամ սառոյց ծծելու դժուարութիւն:

5.- Շրթունքները ծծելու դժուարութիւն, հետեւաբար` համբուրելու եւ փողային գործիք նուագելու դժուարութիւն:

Վարի առջեւի ակռաներու բացութիւն եւ լեզուակապ

Լեզուակապի ախտաճանաչումը բացայայտ է:

Իսկ անոր դարմանումը կը կատարուի վիրաբուժական մանր գործողութեամբ մը:  Բժիշկները ունին երկու մօտեցում` կատարել գործողութիւնը ծնելէ անմիջապէս ետք եւ կամ սպասել, ամիսներ կամ տարիներ, ու ետքը կատարել գործողութիւնը: Առաջին մօտեցումին ջատագովները կ՛ըսեն հետեւեալը. կրնայ պատահիլ, որ լեզուի եւ բերանի աճման հետ լեզուակապը ինքնաբերաբար պզտիկնայ եւ անհետանայ:

Վիրաբուժական գործողութիւնը, մանուկներու պարագային, կը կատարուի ընդհանուր զգայազրկումով, իսկ չափահասներու պարագային` տեղային զգայազրկումով: Գործողութիւնը կը կատարուի երկու ձեւերով.

1.- Սանձիկի հատում (frenectomy).- Այս ձեւը կը կիրարկուի երբ լեզուակապը պզտիկ է:

2.- Սանձիկի գեղագիտական հատում (frenoplasty), որ կը կատարուի, երբ լեզուակապը մեծ է: Այս պարագային լեզուակապը կը հատուի անբողջապէս, գեղագիտականօրէն:

Երկու գործողութիւներն ալ թեթեւ գործողութիւններ են եւ ոչ մէկ բարդութիւն կը յառաջացնեն: Գործողութենէն անմիջապէս ետք մանուկը կը սկսի դիւրութեամբ ծծել մօրը կրծքագեղձին պտուկը, ան լաւ կը սնանի, լեզուն կ՛ունենայ բնական երեւոյթ, երբ բերնէն դուրս կը ցցուի, եւ բոլոր բարդութիւնները կ՛անհետանան:

Մոնրէալ

 

 

 

Նախորդը

Կին Դէմքեր. Անուշ Գրիգորեան

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.