Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Վնասուած Շէնքի Բնակիչներուն Հետ Մամլոյ Ասուլիս

April 17, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 16 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Սին էլ Ֆիլի Մար Տումիթ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի վնասուած շէնքի բնակիչներուն հետ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը բնակիչներուն բացատրեց իր ծրագիրը, որմէ ետք առիթը տուաւ անոնց արտայայտելու զիրենք մտահոգող հարցերուն մասին:

«Ազդակ»-ի հետ իր զրոյցի ընթացքին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յովիկ Գարապաճաքեան նշեց, թէ շէնքի առաջին յարկի պատշգամի փլուզումէն ետք քաղաքապետական խորհուրդը աշխատած է այդ գծով, եւ բնակիչներուն հետ այս հանդիպումը հիմնականօրէն կը միտի անոր տանտէրներուն բացատրել շէնքի կարգավիճակը, իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն եւ անոր կարիքները: Ան աւելցուց, որ իրենք նաեւ շրջանի բոլոր բնակիչներուն կոչ կ՛ուղղեն հերթականօրէն ստուգելու իրենց բնակարաններուն եւ շէնքերուն կարգավիճակները, որպէսզի այսպիսով ընդհանուր ապահով վիճակ մը ստեղծուի շրջանի ժողովուրդին համար:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Ճորճ Գրիգորեան, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ սոյն հանդիպումին ընդմէջէն քաղաքապետական խորհուրդին նպատակն է վնասուած շէնքի բնակիչներուն ներկայացնել շէնքին կարիքները, որոնք պաշտօնապէս քննարկուած են մասնագէտ ճարտարապետներու կողմէ` շէնքը վերստին բնակելի դարձնելու համար:  Գրիգորեան ընդգծեց նաեւ բնակիչներու պարտականութիւնը` շէնքի շարունակական ստուգման մէջ: Այս առիթով Գրիգորեան շեշտեց շրջանի ոստիկաններուն դերակատարութիւնը, որուն ընդմէջէն անոնք շատ կարճ ժամանակի մէջ պաշտպանեցին շէնքը` զայն պարպելով եւ ապա կղպելով:

Հանդիպումի աւարտին Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան նշեց, որ շէնքին վերաբնակման միակ բանալին կը գտնուի անոր բնակիչներուն ձեռքը: Ան հաստատեց, որ քաղաքապետութեան պարտականութիւնն է ստեղծել շրջանի ընդհանուր ապահովութիւն, սակայն ժողովուրդի անձնական ապահովութիւնը կու գայ ժողովուրդին միջոցով: Ան կոչ ուղղեց բնակիչներուն` կազմելու վարչական խորհուրդ մը, սկսելու համար շէնքի վերանորոգութեան:

 

Նախորդը

«Տասն Կուսանաց» Յիշատակութիւնը Տեղի Ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Այն Օրը Երբ Ամբողջ Աշխարհը Լացաւ

RelatedPosts

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աուն Այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աուն Այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 5, 2026
Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.