
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց շրջանը եւ Սուրիան յուզող իրադարձութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ալպանիոյ նոր նշանակուած դեսպան Նուրի Տումին: Հանդիպումը ունեցաւ ծանօթացման բնոյթ:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ֆարիտ Հայքալ Խազենը, որ Պըրրիի հետ քննարկեց երկրին ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Քեսրուանի պահանջները:
Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Պըրրի մեծ գոհունակութիւն յայտնեց դրամատուներուն ճամբով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու առնչութեամբ:


