Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցին Ծաղկազարդուեցաւ Իր Ժողովուրդով

April 15, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իւրաքանչիւր Ծաղկազարդ կրկնակի տօն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին համար, որովհետեւ այդ օր ո՛չ միայն կը նշուի Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, այլ նաեւ մայրավանքը կը ծաղկազարդուի իր ժողովուրդով: Այս տարի եւս, Անթիլիասի մայրավանքը ողողուեցաւ մանուկներով, պատանիներով, երիտասարդներով եւ հայ երիտասարդ ընտանեկան բոյներով, որոնք հաւաքուած էին նշելու հոգեպարար այս տօնը, որ հաւատացեալները կը պատրաստէ Աւագ շաբթուան` հասնելու Ս. Յարութեան:

Առ այդ, կիրակի, 14 ապրիլ 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Օրուան պատարագիչն էր Կոմիտաս արք. Օհանեան: Պատարագի սկիզբը ընթացք առաւ մանուկներու աւանդական թափօրը:

Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը, շրջապատուած` Կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկներով, վեհարանի պատշգամէն հաւատացեալ հոծ բազմութեան ուղղեց իր հայրապետական պատգամը: Ողջունելէ ետք ներկաները` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ ինչպէս Քրիստոս մուտք գործեց Երուսաղէմ ու դիմաւորուեցաւ հաւատացեալներու ցնծութեան ներքեւ, այնպէս ալ մեր կեանքը բանանք Քրիստոսի առջեւ, որպէսզի հոն մուտք գործելով Ան մեզի պարգեւէ առողջութիւն, յաջողութիւն եւ երջանկութիւն: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ հայ եկեղեցին միշտ ցուցաբերած է յատուկ սէր եւ գուրգուրանք մատղաշ սերունդին նկատմամբ, որովհետեւ ան պիտի կերտէ հայ ժողովուրդին լուսապայծառ ապագան: «Ահաւասիկ, շրջապատուած եմ Կիրակնօրեայ վարժարաններու խումբ մը աշակերտներով, որոնց ներկայութիւնը կը ծաղկազարդէ մեր ժողովուրդին կեանքը` Լիբանան, Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռս աշխարհի», ըսաւ վեհափառ հայրապետը, ու իր գիրկը առնելով նորածին հայ մանուկ մը` շարունակեց. «Այս մանուկին ներկայութեամբ կ՛ողջունեմ մեր ժողովուրդի բոլոր մանուկները եւ կ՛աղօթեմ առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային շնորհներով ու բարիքներով պարուրէ եւ օրհնէ մեր բոլոր մանուկները, անոնցմէ հեռու պահէ չարիքը, որպէսզի անոնք միայն աստուածային շնորհներով մեծնան, մեր կեանքը լուսաւորեն եւ մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը առաջնորդեն դէպի լուսապայծառ ապագայ»:

Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ մանուկներուն եւ իրենց ծնողներուն վեհարան բարձրանալով եւ վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը ստանալով, ինչպէս նաեւ յիշատակի լուսանկար նկարուելով: Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, անոնց բաժնեց նուէրներ:

Նշենք, որ նոյն օրը երեկոյեան, վեհափառ հայրապետը հանդիսապետեց Դռնբացէքի խորհրդաւոր արարողութեան: Արարողութեան աւարտին քարոզեց եւ Դռնբացէքի պատգամը ուղղեց Կոմիտաս արք. Օհանեան:

Նախորդը

Մասնակցութեամբ «Կարկաչ» Պատանեկան Երգչախումբին. Համազգայինի «Այգ» Երիտասարդական Երգչախումբի Հոգեւոր Համերգ

Յաջորդը

Քրեմլին Կը Յայտարարէ Թուրքիոյ Մէջ «Էս-400»-ներու Բաղադրիչներու Արտադրման Կարելիութեան Մասին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.