Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Աշխատանքային Այցելութիւնը Ֆրանսա

April 12, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէն կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, 4-8 ապրիլին աշխատանքային այցելութեամբ հիւրընկալուեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ եւ ունեցաւ քաղաքական, հասարակական եւ կազմակերպական տարբեր հանդիպումներ` Փարիզի, Մարսէյի եւ Լիոնի մէջ:

Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի եւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Շարլ Փափազեանի, տեսակցութիւն ունեցաւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ: Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած այս հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Հայ դատի, Արցախի եւ Հայաստանի առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ` ապագայ գործակցութեան հեռանկարներ:

Քաղաքական հանդիպումներու ծիրին մէջ, Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ընկերակցութեամբ Մուրատ Փափազեանի, տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ Լիոնի նախկին քաղաքապետ, այժմ փոխքաղաքապետ Գէորգ Քէփէնէկեանի հետ: Արծարծուեցան Հայաստանի ներկայ իրավիճակին կապուած հարցեր եւ Հայ դատին առնչուող խնդիրներ:

Հասարակական եւ կազմակերպական գետնի վրայ, վերոյիշեալ երեք քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան ներկուսակցական տարբեր ժողովներ, ապա նաեւ բանաւոր եւ գրաւոր մամուլի հարցազրոյցներ ու ժողովրդային հանդիպումներ, որոնց ներկայ գտնուեցան ուղեկից երեք միութեանց ներկայացուցիչներ, մեծաթիւ համակիրներ եւ երիտասարդներ: Ուշագրաւ էր Փարիզի «Տիամանթեր» ճաշարանին մէջ երեկոն, որուն ընթացքին կատարուեցաւ վաթսուն հազար եւրոյի սրտաբուխ նուիրատուութիւն:

Փարիզի, Մարսէյի եւ Լիոնի մէջ արտասանած իր խօսքերուն ընթացքին, Բիւրոյի ներկայացուցիչը յատուկ լուսարձակի տակ առաւ երիտասարդներուն աշխուժ ներկայութիւնը, վեր առաւ անոնց էական դերակատարութիւնը ո՛չ միայն ապագայի համար, այլեւ` ներկայի: Ապա, ան սպառիչ կերպով անդրադարձաւ կուսակցութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, Հայ դատի լայնածաւալ աշխատանքներուն, արցախեան հիմնահարցին, վերջին շրջանի Հայաստանի արտաքին թէ ներքին իրավիճակին, Ջաւախքի պայմաններուն, սփիւռքեան բազմաշերտ օրակարգին եւ այս բոլորին գծով Դաշնակցութեան պատկերացումներուն, դիրքորոշումին ու ընելիքին:

 

Նախորդը

Մաքրոն Ստորագրած Է 24 Ապրիլը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Օր Հռչակելու Հրամանագիրը, Չաւուշօղլու Արձագանգած Է

Յաջորդը

Խմբագրական. Անգարան Կը Ժխտէ Նաեւ Իտալական Որոշումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակցող Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակցող Միջնորդներ

October 28, 2026
Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.