Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան Վերջապէս Ունի Իր Առանձին Հարթակը

April 8, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկար սպասումէ ետք, 1 ապրիլ 2019-ին արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան օժտուեցաւ իր առանձին յղումով` hyw.wikipedia.org (url): Այս կարգանիշին միջոցով կարելի է այցելել արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առցանց հարթակը:

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առանձին հարթակ դառնալու նպատակին նպաստեցին Ուիքիմետիա Հայաստան կազմակերպութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, որոնք անցնող տարիներուն ընթացքին ստեղծեցին արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ու հովանաւորեցին անոր նախագիծները:

2014 թուականէն ի վեր արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի շուրջ համախմբուած են հարիւր յիսունէ աւելի կամաւոր խմբագիրներ, որոնք պարբերաբար մասնակցած են վերապատրաստման դասընթացքներու: Այսօր արդէն իսկ ունինք 7500-է աւելի արեւմտահայերէնով  յօդուածներ, որոնք տեղակայուած են արեւելահայերէն Ուիքիփետիայի բաժանմունքին մէջ եւ շուտով պիտի տեղափոխուին արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի հարթակը: Մեր մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ այս թիւը օրէ օր աւելցնել եւ որակը բարձրացնել:

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա ազատ հանրագիտարանին նպատակը եղած է ու կը մնայ հայթայթել բազմապիսի եւ բազմաբովանդակ` հայկական  եւ  համաշխարհային յօդուածներ` այսպիսով կարեւոր ներդրում ունենալով արեւմտահայերէնի առցանց զարգացման ուղղութեամբ:

«Կը շնորհաւորենք արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի ուիքի համայնքը եւ արեւմտահայերէն խօսող մեր հայրենակիցները», ըսաւ Ուիքիմետիա Հայաստանի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեանը: «Այս իսկապէս կարեւոր քայլ մըն է` արեւմտահայերէնը ներմուծելու ժամանակակից ծրագիրներու մէջ եւ անոր տալու նոր շունչ ու նոր եռանդ»:

«Այս ուրախ առիթով մեծապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի բոլոր կամաւորներուն ու խմբագիրներուն: Շնորհակալութիւն` բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ու կը շարունակեն սատարել սոյն աշխատանքի իրականացման», յայտնեց արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա նախագիծի համակարգող Ազնիւ Ստեփանեանը: «Թերթատելով արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի էջերը` պարզ կը դառնայ, որ այս հարթակը իր կարեւոր դերը կրնայ խաղալ լեզուի գործածութեան խթանումին, ինչպէս նաեւ մասնագիտական եւ այժմէական նիւթերով ու դարձուածքներով անոր զարգացման մէջ»:

Նշենք, որ արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի կարգանիշը ընդունուեցաւ 30 յունուար 2018-ին, SIL International-ի կողմէ, որ ISO 639-3-ը արձանագրող մարմինն է: Նոր կարգանիշ ունենալու միտքը սկիզբ առած էր արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առանձին բաժին մը ստեղծելու հեռանկարով, սակայն պիտի կարենայ ծառայել նաեւ համացանցի վրայ արեւմտահայերէնով տարբեր ծրագիրներ (ինչպէս` սրբագրիչ, փոխադրիչ, թարգմանիչ) մշակելու աշխատանքին:

«Ուիքիփետիան կարեւոր հարթակ մըն է, ուր արեւմտահայերէնը կարելի է գործածել զանազան ձեւերով` կարդալով, խմբագրելով, բարելաւելով ու ստեղծելով արեւմտահայերէն յօդուածներ», ըսաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը: «Ուրախ ենք, որ մեր աջակցութիւնը արդիւնաւէտ հիմքերու վրայ դրուած է: Յուսանք, որ լեզուին տիրապետող բոլոր անհատները օգտագործեն այս առիթը` համացանցին վրայ զարգացնելու արեւմտահայերէն բովանդակութիւնը»:

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան բաց է բոլորին: Ուիքիփետիայի խմբագրման գործիքներուն ծանօթ ոեւէ անհատ կրնայ հոն իր մասնակցութիւնը բերել:

Սիրով,
Ուիքիմետիա Հայաստան

 

Նախորդը

Հանդիպում-Զրոյց` Հայ Քաջ Տօ Մարտարուեստին Մասին

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մայր Եկեղեցւոյ Վերօծման Հայրապետական Ուղերձները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.