Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանէն Քարիւղի Գնումը Դադրեցուցած Երկիրներուն Թիւը Հասած Է 23-Ի

April 4, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանէն քարիւղ գնող եւ այժմ ատոր ներածումը ամբողջովին դադրեցուցած երկիրներուն թիւը հասած է 23-ի, որոնց շարքին են այն երեք պետութիւնները, որոնք ժամանակաւորապէս դուրս բերուած էին ամերիկեան պատժամիջոցներու ազդեցութենէն: Այս մասին յայտարարած է Իրանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Պրայըն Հուք` արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Ան յիշեցուցած է, որ անցեալ տարուան նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներ ութ երկիրներու ժամանակաւորապէս արտօնած էր իրանեան քարիւղ ներածել: «Կրնամ ըսել, որ անոնցմէ երեքին (իրանեան քարիւղի) ներածումը այժմ հաւասար է զերոյի: Ատիկա մինչեւ 23-ի կը հասցնէ թիւը ներածողներուն, որոնք նախապէս իրանեան քարիւղ կը գնէին, իսկ այժմ չեն գներ», ըսած է Հուք:

«Մեր քարիւղի պատժամիջոցները արտօնած են մայիս 2018-էն շուկայէն վերցնել արտածման համար նախատեսուած 1,5 միլիառ տակառ իրանեան քարիւղ: Ատիկա իրանեան վարչակարգը զրկած է 10 միլիառ տոլարի շահ ստանալու կարելիութենէն», աւելցուցած է ամերիկացի յատուկ պատուիրակը:

Անոր տուեալներով` ընդհանուր առմամբ 26 փուլի ընթացքին Թեհրանի դէմ պատժամիջոցներու ցուցակներուն մէջ մտած է աւելի քան 970 ընկերութիւն:

 

Նախորդը

Քանատական Կառավարական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտ

Յաջորդը

Վենեզուելայի Սահմանադիր Ժողովը Կուայտոն Զրկեց Անձեռնմխելիութենէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.