Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալեքսանտր Մաթոսեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ տնտեսական կացութիւնը կը կաշկանդէ պետութիւնը եւ չ՛արտօներ, որ ան արագօրէն սկսի գործադրել իր քայլերն ու ծրագիրները, որոնք քաղաքացին կը մղեն շօշափելու փոփոխութիւնները:
Ան նշեց, որ ցարդ Լիբանանի տնտեսութեան վրայ վստահութիւն չկայ եւ այդ պատճառով ալ Լիբանանի մէջ ներդրողներ չկան: «Մենք նոր օրէնքներու կարիք չունինք, այլ` պարզապէս օրէնքները գործադրելու, իսկ այդ մէկը կատարելու համար լիբանանեան պետութիւնը պէտք է իր հեղինակութիւնը պարտադրէ», հաստատեց ան:
Ա. Մաթոսեան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութիւնը բոլորին յոյս կը ներշնչէ` երկրին մէջ տիրող կացութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու եւ ատակ ու կարողութիւններով օժտուած անձնաւորութիւնները ճիշդ տեղը հասցնելու եւ փոփոխութեան անիւը դարձնելու իմաստով:
Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութեան մաս կազմող բոլոր տարրերն ու նախարարութիւնները միասնաբար գործակցին եւ կարենան բարոյական շարժ մը ստեղծել:



