Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ. 300 Պատանիներ Ու Աշակերտներ Մասնակցեցան ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ-ի Ընկերային Յանձնախումբին Կազմակերպած Միջդպրոցական Խրախճանքին

April 2, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները, իրենց 95-ամեայ երթին ընդառաջ, կը շարունակեն իրենց դերն ու գործունէութիւնը Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ:  Այս առումով, պատանեկան միութիւնները, դաստիարակչական ձեռնարկներու կողքին, կը ծրագրեն նաեւ ընկերային ձեռնարկներ, որոնք հաճելի մթնոլորտի մը մէջ կը համախմբեն թէ՛ պատանեկան միութիւնները, թէ՛ ալ ընդհանրապէս անոնց շրջապատին մէջ գտնուող պատանի տարիքի անհատները:

Նախորդող ամիսներուն կազմակերպուած Բարեկենդանի, ինչպէս նաեւ զոյգ ձիւնագնացութիւններու նախաձեռնութիւններուն կողքին, ընկերային ձեռնարկներու շարքին էր ՀՅԴ ԼՊՄ Ընդհանուր վարիչ մարմինի ընկերային Յանձնախումբին կազմակերպած միջդպրոցական խրախճանքը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 30 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու հիմնադրութեան 95-ամեակին նուիրուած սոյն խրախճանքը, միջդպրոցական զարգացման մրցումին կողքին, երկրորդ ձեռնարկն էր, որ նոյն յարկին տակ կը համախմբէր հայկական վարժարաններու աշակերտներն ու պատանեկան միութիւնները: Այս խրախճանքին մասնակցեցան 300 պատանիներ, որոնք կը ներկայացնէին 13 հայկական վարժարաններու 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու հայ աշակերտները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գործող տարբեր պատանեկան միութիւնները:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Կալի Տեքերմենճեան, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց պատանեկան միութիւններուն պատմութիւնն ու աշխատանքները: «Այսօր, տասնեակ վարիչներ ու վարիչուհիներ կը շարունակեն Պալեանի ու Տարտունիի առաքելութիւնը` միաժամանակ հայ պատանիներուն համար ստեղծելով ապահով, առողջ եւ հաճելի միջավայր մը մեր ակումբներուն մէջ», ըսաւ ան:

Խրախճանքը առիթը հանդիսացաւ ճոխ մթնոլորտի մը մէջ դարձեալ համախմբուելու, ինչպէս նաեւ նոր ծանօթութիւններ մշակելու: Երեկոյի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, պատանիներուն պարերն ու երգերը ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ բոլորին համար:  Ապա, ներկաներուն փունջ մը ազգային ու յեղափոխական երգեր հրամցուց երգիչ Սերոբ Յակոբեան` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: Այս ոգեւորութեամբ լեցուած, պատանիները բաժնուեցան իրարմէ` դարձեալ հանդիպելու խոստումով:

Նշենք նաեւ, որ սոյն ձեռնարկի աւարտին, մասնակիցներուն բաժնուեցան պատանեկան միութիւններուն մասին թռուցիկներ, ինչպէս նաեւ 95-ամեակին առիթով պատրաստուած ապարանջան մը` «Մեր ջահն է միշտ անմար» կարգախօսով:

 

 

Նախորդը

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ցեղասպան Թուրքը Մահ Սփռեց Ու Քանդեց Ամէն Տեղ, Մինչդեռ Մեր Ժողովուրդը Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք, Սուրիա Եւ Ամէնուրեք Վերաշինութեան Ու Վերածաղկումին Նպաստեց»

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.