Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 40. Զանգեր Ղօղանջէ՛ք

March 30, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Վաղը Մեծ Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս օծումը պիտի կատարէ Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ: Այս եկեղեցին ԺԴ. դարէն սկսեալ Բերիոյ թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցին է: Ան պատմութեան մէջ առաջին անգամ յիշուած է 1476-ին: Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին` 28 ապրիլ 2015-ին, եկեղեցւոյ տարածքը ծանրօրէն վնասուեցաւ, եւ առաջնորդարանն ու մայր եկեղեցին երկար ժամանակ մնացին անհասանելի: Վաղը հալէպահայութեան օրն է, հալէպահայ գաղութի վերականգնումի նոր ազդանշան մը, երբ եկեղեցւոյ զանգերը անգամ մը եւս պիտի ղօղանջեն, եւ այդ ղօղանջին արձագանգը հասնի հայաշխարհի բոլոր անկիւնները:

Այս զանգերը պիտի ղօղանջեն, եւ անգամ մը եւս այդ ղօղանջն ու եկեղեցւոյ օծումը պիտի դառնան համահայկական կամքի հարազատ դրսեւորում: Այս իրադարձութիւնը անգամ մը եւս պիտի հաստատէ, որ թշնամին պարտուած է, եւ հայութիւնը հպարտ ու յաղթանակած կը կանգնի աշխարհին դիմաց:

Եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջի պատիւը սակայն կ՛երթայ այն տղոց, որոնք անցնող տագնապալի, ճգնաժամային ու մահասփիւռ օրերուն ընթացքին յաջողեցան պատուով ու զոհաբերութեան բարձր գիտակցութեամբ պաշտպանել հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր արժէքներն ու արժանապատուութիւնը: Դաշնակցական նահատակ հերոս Րաֆֆի Պչաքճեանի պատրաստած սերունդը «ներկա՛յ» ըսաւ պատմութեան կանչին եւ կրակէ մկրտութեամբ նետուեցաւ ռազմի դաշտ ու չխնայեց նաեւ իր թանկագինը` նոյնիսկ կեանքը: Վաղը հալէպահայ բոլոր անձնուրացներուն եւ նուիրեալներուն օրն է, օրն է այն տղոց, որոնք հաւատարիմ մնացին կեանքի գնով ժողովուրդի պաշտպանութիւնը ստանձնելու դաշնակցական նուիրական երդումին: Օրն է բոլորին, որոնք կառչած մնացին Հալէպին, անոր հողին, ինչքերուն, պատմական հարուստ ժառանգութեան եւ կերտած պատմութեան: Օրը` այն բոլոր ծառայողներուն, որոնք պատերազմի ամբողջ տեւողութեան իրենց աշխատանքը եւ քրտինքը չզլացան` հասնելով օգնութեան ու փրկութեան հայ վիրաւորին, հայ ծերունիին, անկարին ու մանուկին: Պահեցին Հալէպը իրենց բազուկներով, աշխատանքով եւ զոհողութեամբ:

Անոնք հաւատացին, որ իրենց  գործը համահայկական հնչեղութիւն ունի եւ իրենց կատարած պաշտպանութեան սրբազան առաքելութիւնը ունի նաեւ աւելի խորիմաստ նշանակութիւն: Հայրենամերձ այս գաղութի պահպանութիւնը եւ անոր առաքելութեան շարունակականութեան կարեւորութիւնը խորապէս ըմբռնած, բոլորը նետուեցան մարտի դաշտ` յանուն հայ ժողովուրդի վաղուան լուսատենչ ապագային եւ յանուն Հայ դատի հետապնդման համար այս անփոխարինելի հնոցի գոյութեան պահպանման:

Վաղը օրն է նաեւ համայն հայութեան` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, որ Սուրիոյ  տագնապի առաջին օրէն զգաստ ու պատրաստակամ ձեռք երկարեց օգնութեան հասնելու վիրաւոր Հալէպին, ամբողջ հալէպահայութեան եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան:

Եկեղեցւոյ վաղուան ղօղանջները պիտի տան ազդանշանը հալէպահայութեան վերականգնումի հրամայական ու անհետաձգելի աշխատանքին, եւ անգամ մը եւս հայութիւնը պիտի տայ փաստը այն իրողութեան, որ հալէպահայութիւնը իր գոյութեան կռիւին մէջ առանձին չէ եւ իր կողքին ունի համայն հայութիւնը:

Յունուար 2019-ին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի մէջ գումարած 33-րդ ընդհանուր ժողովը հաստատեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ուժեղ համայնքներ ունենալու պահանջը կը բխի հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի միասնական շահերէն, եւ այդ համայնքները կը շարունակեն մնալ Հայ դատի հետապնդման ու հայոց պահանջատիրութեան պայքարի գլխաւոր միջնաբերդերը եւ նոյնինքն այդ պայքարի վերջնական յաղթանակի գրաւականը: Աւելի՛ն, ժողովը որոշեց ուշադրութեան կեդրոն պահել սուրիահայութեան վերականգնման աշխատանքները:

Այս առիթով անգամ մը եւս կու գանք խոնարհելու հալէպահայ բոլոր նահատակներուն անմոռաց յիշատակին դիմաց ու միահամուռ, վճռական ու միասնական կ՛ըսենք` ՁԵՐ ՆՈՐ ԵՐԹԸ ԲԱՐԻ՛, ՍԻՐԵԼԻ՛ ՀԱԼԷՊ ԵՒ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆ:

ԶԱՆԳԵՐ ՂՕՂԱՆՋԷ՛Ք
Եւ
ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐ ԴՈՒՔ ՁԵԶ ՃԱՆԱՉԷ՛Ք…

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հասաւ Հալէպ

Յաջորդը

Վենեզուելայի Իշխանութիւնները Կը Պաշտօնազրկեն Կուայտոն

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.