Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Նահատակութիւնը` Քրիստոնէական Գերագոյն Հաւատքի Բագինին Զոհաբերութեան Խորհրդանիշ

March 30, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Մեծ պահոց առաջին չորս կիրակիները անցան: Մեծ պահքի հինգերորդ շաբթուան զուգադիպող չորեքշաբթին միջինք է: Ան եկեղեցական տօնացոյցին մէջ որպէս տօն չէ նշուած, սակայն հայկական աւանդական կենցաղին մէջ շատ տարածուած է: Հաւատացեալներ միջինքին փառք կու տան Աստուծոյ, որ արժանացած են հասնելու Մեծ պահոց ապաշխարութեան շրջանի կէսին եւ իրենց աղօթքներով կարողութիւն կը հայցեն Աստուծմէ` ապաշխարութեան մնացեալ օրերը լաւագոյնս արժեւորելու համար: Իսկ անոնք, որոնք տակաւին նկատի չեն ունեցած ապաշխարութեան շրջանը, անոնց համար եւս միջինքը ունի իր բարերար թելադրութիւնը, որովհետեւ կրկին կը յիշեցնէ, թէ Մեծ պահոց մնացեալ կէսը դարձեալ առիթ է հոգեւոր վարժութիւններու` ծոմապահութեան, պահեցողութեան եւ աղօթքի, որոնց միջոցով կարելի է վերանորոգուիլ մկրտութեան ուխտին մէջ, զօրանալ հաւատքով եւ մխիթարուիլ փրկութեան յոյսով:

Միջինքէն ետք շաբաթ օրը Հայց. եկեղեցին կը յիշատակէ Սեբաստիոյ մէջ նահատակուած Սուրբ Քառասուն Մանուկներու տօնը ու կը հայցէ անոնց բարեխօսութիւնը:

 

 

 

 

Վարք Սրբոց Քառասնից Մանկանց

Համաձայն վարքագրական աղբիւրներու, քառասուն մանուկները («մանուկ» բառը զինուոր իմաստը ունի) 4-րդ դարու նահատակ սուրբեր են: Իրենց տրուած «մանուկ» մակդիրը կը մատնանշէ անոնց հոգիի մանկութիւնը` անմեղութիւնն ու պարզութիւնը:

Սեբաստիոյ մէջ նահատակուած 40 զինուորները (քառասուն մանկունք) 4-րդ դարու սկիզբը նահատակուած Քրիստոսի 40 վկաները Փոքր Հայքի տարբեր քաղաքներէն էին եւ Սեբաստիոյ (Սվազ) կայսերական գունդին զինուորական ծառայութեան մէջ էին: Երբ Լիկիանոս կայսեր հրամանով Կեսարիոյ դուքս Լիւսիասը հարցաքննութիւն կը կազմակերպէ` բանակին մէջի քրիստոնեայ զինուորներ յայտնաբերելու նպատակով, անոնցմէ 40-ը, հաւատարիմ իրենց հաւատքին, անվեհեր պատասխաններով դատաւորներուն զայրոյթ կը պատճառեն եւ կը բանտարկուին: Քանի մը անգամ կ’առաջարկուի անոնց վերադառնալ հին աստուածներու, այլապէս`  ենթարկուիլ հաշուեյարդարի: Երիտասարդները կը յայտնեն, որ իրենք միշտ եղած են ու կը մնան հաւատարիմ Սեբաստիոյ թագաւորին, սակայն ուխտ ունին նաեւ անխախտ պահելու երկնաւոր թագաւորին նկատմամբ իրենց հաւատքը: Լիւսիանոս, որպէս պատիժ, մերկ վիճակի մէջ, գիշեր ատեն, ձմրան ցուրտ եղանակին սառուցեալ լիճի մէջ կը նետէ զիրենք: Լիւսիաս լիճի ափին տաք բաղնիք մը պատրաստել կու տայ, որպէսզի երիտասարդները գայթակղեցնէ, որպէսզի անոնք ներս մտնելով փրկուին: Բայց 40-էն մէկը միայն չի դիմանար  եւ սառած ջուրէն դուրս գալով` կը մտնէ տաք բաղնիքը ու կը կնքէ իր մահկանացուն ու կը զրկուի թէ՛ երկրային եւ թէ՛ երկնային կեանքէն: Երկնային լոյս մը կը ճառագայթէ լիճին վերեւ եւ լուսեղէն թագեր կ՛իջնեն նահատակ սուրբերու գլուխներուն: Զինուորներէն մէկը, տեսնելով այդ, կը լեցուի Քրիստոսի հաւատքով եւ նետուելով լիճը` պսակակից կը դառնայ 39 զինուորներուն: Աստուածային հրաշքով ձմեռնային սառնամանիքը դիմակալած վկաները առաւօտեան կը նահատակուին: Անոնց նշխարները կ’ամփոփուին Սեբաստիոյ մէջ, ուր հետագային կը կառուցուի «Քառասուն Մանկունք» 40 գմբէթանի տաճարը, որ կանգուն մնացեր է մինչեւ Լենկթիմուրի արշաւանքը: Սփիւռքի մէջ եւս կը գտնուին եկեղեցիներ, որոնք կը կրեն Քառասնից Մանկանց անունը, ինչպէս` Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Ամերիկայի մէջ:

Աւանդութիւն . Լիճք Եւ Ծնրադրութիւնք

Քառասուն Մանկանց յիշատակի ժողովրդական սովորոյթներն են լիճքը և ծնրադրութիւնը: Լիճքը որոշ բնակավայրերում կատարուած է եկեղեցւոյ մէջ, այլ վայրերուն` տունը: Բասէնի մէջ միջինքի չորեքշաբթի երեկոյեան եկեղեցւոյ մէջ ջուրով եւ ձէթով լեցուն կոնք կը դրուի, որ կոչուած է «լիճք», ուր եղէգնեայ խաչի մէջ մինչեւ լոյս պատրոյգ կը վառուի: Առաւօտեան մաս-մաս կը բաժնուի գիւղի տուները: Արարատեան գաւառին եւ բասէնցիներու մօտ լիճքին մէջ կը վառուի քառասուն պատրոյգ:

Լիճքը կը խորհրդանշէ լիճին մէջ զինուորներուն նահատակութիւնը, իսկ ջուրի մէջ վառուող պատրոյգի լոյսը` այդ վայրին մէջ ծագած լոյսը: Սեբաստոյ մէջ Քառասուն Մանկանց տօնը մասնաւոր նշանակութիւն ունեցած է, որովհետեւ սուրբերու նահատակութեան վայրն է: Քաղաքի հարաւային կողմը կը գտնուի սեւ, դառնահամ լիճը, ուր «Անցանէին ընդ ջուր, մաքրեալք որպէս զոսկի փորձելոյ ի հուր», եւ անդանօր «Պատուական արեանցն հեղելով, զկապուտակ զծովն վարդագոյն ներկէր»: Լիճի մօտ գտնուած են բաղնիքի հետքերը, ուր ապաստանած է քառասուն զինուորներէն մէկը, որ լքած էր իր ընկերները:

Քառասուն անգամ քառասուն,  այսինքն 1600 անգամ ծնրադրելը գրեթէ ամէն տեղ ընդունուած է: Հիմնականօրէն այս արարողութեան մասնակցած են երիտասարդ հարսերն ու աղջիկները` յաճախ հաւաքուելով իրենց նշանուած ընկերուհիին տունը: Ընդունուած է տանիլ հալվա, գաթայ, խեծաղ: Ծնրադրութեան ծէսը կոչուած է Քառասուն Մանուկ, որուն ժամանակ ամանի մէջ դրած են քառասուն հատ բակլայ: Աղջիկներէն ամենափորձառուն ու նախաձեռնողը, համրիչը ձեռքին, կը յայտարարէ ծնրադրման արարողութեան սկիզբը:  Այդ ընթացքին խումբով, երգեցիկ ձայնով կ՛արտասանեն.

Քառսուն Մանուկը` լիճին,
Թագն ու պսակը` ճիտին,Ինչ որ տուիր բաղնեպանին,
Անոր կէսն ալ ինծի տուր:

Քառասուն մանկանց պատմութիւնը կը յորդորէ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն մէջ հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի հաւատքին, յաղթահարել դիւրահաճ գայթակղութիւնները` երկնային պսակին արժանանալու համար:

Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնը այս տարի կը զուգադիպի շաբաթ, 30 մարտին: Կիրակի, 31 մարտին հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ կը մատուցուի եւ մատաղօրհնէք կը կատարուի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, Պուրճ Համուտ:

 

 

Նախորդը

Մօրս Կարի Մեքենային Մեղեդին

Յաջորդը

Թրամփ Իրաւունք Չունի Սուրիական Կոլանի Բարձունքները Յանձնելու Իսրայէլի

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.