
Իրաքի մէջ պատերազմի աւարտին իբրեւ ցուցանիշ երէկ Պաղտատի մէջ ամերիկեան դրօշը վար առնուեցաւ: Ամերիկեան դրօշի վար առնուելուն արարողութեան մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա 14 դեկտեմբերին պատերազմի աւարտը յայտարարած էր: Իրաքի պատերազմը սկսած էր մարտ 2003-ին:
Մինչեւ տարեվերջ յաւելեալ չորս հազար ամերիկացի զինուորներ պիտի հեռանան Իրաքէն:


