Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ-Ամերիկեան Փոխադարձ Գործակցութիւնը Անվտանգութեան Մարզին Մէջ Աւելի Պիտի Աշխուժանայ

March 28, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը 27 մարտին ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մամուլի կեդրոնէն յայտնեցին, որ ողջունելով հիւրերը Ա. Վանեցեանը շնորհաւորած է դեսպանը` պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ յոյս յայտնած, որ հայ-ամերիկեան փոխադարձ գործակցութիւնը անվտանգութեան մարզին մէջ աւելի պիտի աշխուժանայ, եւ պիտի արձանագրուին նոր ձեռքբերումներ:

Իր խօսքին մէջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնը ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու զանազան նախարարութիւններուն հետ միացեալ միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներու, յանցագործութիւններու, թմրանիւթերու եւ հոգեմէտ դեղերու ապօրինի շրջանառութեան, զանգուածային ոչնչացման զէնքի տարածման, անօրինական գաղթականութեան, դրամի լուացումի եւ այլ յանցագործութիւններու դէմ պայքարի կարեւորութիւնը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լ. Թրէյսի ըսած է, որ ամերիկեան կողմին համար շատ կարեւոր էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնին հետ հանդիպումը եւ քննարկումը, թէ Միացեալ Նահանգները եւ Հայաստանը ինչպէ՛ս կրնան գործակցիլ փտածութեան եւ այլ միջազգային  մարտահրաւէրներու դէմ պայքարին մէջ:

Հանդիպումի աւարտին կողմերը նախանշած են համագործակցութեան հետագայ ուղղութիւնները եւ յոյս յայտնած, որ հանդիպումը նոր շունչ պիտի հաղորդէ երկկողմանի գործակցութեան:

 

Նախորդը

Էլչին Ղուլիեւ Այցելած Է Հայաստանի Հետ Սահման Եւ Հրահանգած Ամրապնդել Պաշտպանական Դիրքերը

Յաջորդը

«Արցախ Մեկնելու Եւ Ազատ Հաղորդակցելու Բոլոր Սահմանափակումները Անիմաստ Են» Կ՛ըսէ Փալոն

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.