Երկուշաբթի, 25 մարտ 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազենը:
Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Լիբանանի ու Վատիկանի յարաբերութեանց ներկայ փուլին: Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց վեհափառ հայրապետին ունեցած յատուկ կապը Վատիկանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ եւ այն սերտ գործակցութիւնը, որ գոյութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ: Այս առիթով դեսպանը վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցեցաւ Վատիկանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան շուրջ համագումար մը կազմակերպելու ծրագիրին մասին:
Յայտնենք, որ դոկտ. Խազեն եղած է պետական երեսփոխան եւ երկար տարիներ միջազգային օրէնքի դասախօս` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ:



