Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Երթուդարձի Մրցումները Աւարտեց Երրորդ Դիրքին Վրայ` 112-97 Արդիւնքով Մեծ Յաղթանակ Մը Արձանագրելով Ռիատիի Դէմ

March 25, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 24 մարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը հիւրընկալեց Ռիատին:

Մրցումը բաւական կարեւոր էր երկու կազմերուն համար` նկատի առնելով, որ անոնք երկուքն ալ կը պայքարէին յաղթանակ արձանագրելու եւ այդ արձանագրուած յաղթանակին շնորհիւ գրաւելու երրորդ դիրքը, ինչ որ կարեւոր կը նկատուէր ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն համար (կիսաւարտական):

Հետեւաբար երկու կազմերն ալ մրցումին ազդանշանին տրուելէն իսկ սկսան ամէն ճիգ ի գործ դնել եւ իրենց ամէն կարելին ընել այս ճակատումէն յաղթական դուրս գալու եւ գագաթի այս ճակատումին չպարտուելու համար:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ այս մրցումին սկսաւ 11 յաղթանակով եւ 4 պարտութեամբ, մինչ Ռիատի` 12 յաղթանակով եւ 3 պարտութեամբ:

Մրցումին առաջին երկու քորթըրները սկսան բաւական հաւասար պայքարով մը եւ իւրաքանչիւր խումբ կը փորձէր կէտեր նշանակելով ինքզինք պարտադրել մրցակիցին վրայ:

Առաջին քորթըրին Ռիատի ինք գերազանցեց ՀՄԸՄ-ը (22-21), մինչ Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ ինք ունեցաւ առաւելութիւն մը իր հիւրին վրայ` երկու կէտով (50-48):

Երկու կազմերուն հանդերձարանէն վերադարձէն ետք է, որ մրցումին արդիւնքը ամբողջութեամբ շրջուեցաւ ի նպաստ դաշտին տիրոջ` ՀՄԸՄ-ի, որ ունեցաւ 14 կէտի առաւելութիւն մը` 85-71 արդիւնքով:

Նշենք, որ այս երրորդ քորթըրին ՀՄԸՄ նշանակեց… 35 կէտ, մինչ Ռիատի` 23:

Ընդհանրապէս գրեթէ կատարուած իրողութիւն մըն է, որ իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին անոր անկիւնադարձային բաժինը կ՛ըլլայ երրորդ քորթըրը:

Նոյնը պատահեցաւ այս մրցումին ալ, եւ ՀՄԸՄ վերջին քորթըրին եւս պահելով իր գերակայութիւնը Ռիատիին վրայ, տարաւ վերջնական յաղթանակը` 15 կէտի տարբերութեամբ` 112-97 արդիւնքով մը:

Այսպիսով, ՀՄԸՄ երթուդարձի մրցումները աւարտեց երրորդ դիրքին վրայ եւ ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն իր դէմ պիտի ունենայ Հուփսը:

ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին աստղը եղաւ Ուոլթըր Հոճ, որ խումբին արձանագրած այս յաղթանակին մէջ ունեցաւ իր մեծ բաժինը` նշանակելով 50 կէտ (ներառեալ` 3 թրի փոյնթ) եւ կատարելով 9 էսիսթ:

Նշենք, որ այս տարեշրջանին ցարդ ոեւէ մարզիկ չէր յաջողած հասնիլ յիսուն կէտի սահմանը:

Հոճի խմբակից Էլի Ռըսթոմ նշանակեց 16 կէտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ), մինչ Մայք Էֆիպրա` 18 կէտ:

Այստեղ պէտք է նշել նաեւ, որ Ժերար Հատիտեան իր կարգին բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (14 կէտ, 10 ռիպաունտ):

Այս մրցումին քանի մը վայրկեան դաշտ ներկայացաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի նորեկ մարզիկ Պրայըն Պրիճֆորտ, որ նշանակեց ութ կէտ:

Իսկ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Իսմայիլ Ահմետ (29), մինչ անոր խմբակից Ուաէլ Արաքճի ֆաուլ-աութով դուրս ելաւ մրցումէն:

Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, որ մրցումին ազդանշանին տրուելէն երկու ժամ առաջ դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած էին, մրցումին ընթացքին անընդհատ քաջալերեցին իրենց կազմը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ, մնալով օրինակելի համակիրներ, ինչպէս միշտ:

 

 

 

 

 

 

PROFOTO

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբը Փոխադրուեցաւ Գ. Դասակարգ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 25 Մարտ 2019)

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.