ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնը կը զուգադիպի կիրակի, 31 մարտ 2019-ին:
Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագի տեղի պիտի ունենայ մատաղօրհնէք:
Տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ հսկումի արարողութիւն, ամէն երեկոյ ժամը 6:30-էն սկսեալ:
Սիրով կը հրաւիրենք բարեպաշտ հաւատացեալները` ներկայ ըլլալու սոյն հոգեպարար արարողութեանց:
Բոլոր այն հաւատացեալներէն, որոնք կ՛ուզեն իբրեւ ուխտ մատաղցու արու ոչխար կամ նիւթական նուէրներ ընել, կը խնդրուի ներկայանալ թաղական խորհուրդիս քարտուղարութեան գրասենեակը, ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-էն 1:30, բացի երկուշաբթի օրերէն:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————–
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԳՈՂՆԵՐՈՒ ԵՒ
ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ
Նախագահութեամբ`
Լիբանանի հայոց առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ
Տեղի կ’ունենայ երեքշաբթի, 26 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
Ծանօթ.- Նշեալ յայտարարութիւնը ընդունիլ իբրեւ պաշտօնական հրաւէր:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————–
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսի հրաւէրով`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Չորեքշաբթի, 27 մարտ 2019-ին, Միջինքի առիթով, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի հանդիսապետէ Արեւագալի ժամերգութեան եւ ուղղէ իր հայրապետական պատգամը:
Ժամերգութեան երգեցողութիւնը պիտի կատարեն Դպրեվանքի սաները:
Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:00-ին
Արեւագալի ժամերգութիւն` ժամը 9:00-ին
Հայրապետական պատգամ` ժամը 9:30-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակցելու ժամերգութեանց եւ ունկնդրելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:
Փոխադրութեան դիւրութիւն ընծայելու համար, փոխադրակառք մը Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիէն դէպի Ս. Նշան մայր եկեղեցի պիտի մեկնի առաւօտեան ժամը 7.45-ին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————–
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ
Կը ներկայացնէ
ԱԿԱՄԱՅ ՍՏԱԽՕՍԸ
Կատակերգութիւնը
Հեղինակ` ՄԱՅՔԸԼ ՔՈՒՆԻ
Բեմադրիչ` ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ
Տեղի կ՛ունենայ 28, 29, 30, 31 մարտ 2019, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հինգշաբթի, 28 մարտ 2019, երեկոյեան ժամը 8։30-ին – ԿԱԼԱ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:
Տոմսերը ստանալ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական գրասենեակէն, հեռ.` 04-523043, 81-374074, թատերախումբի վարչութեան անդամներէն եւ ելոյթի օրերը` կիշէէն:
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԵՐՈՒԱՆԴ ՉԱԹԱԼՊԱՇԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 31 մարտ 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————–
ՌԱՈՒՏԱՅԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
2019-2020 ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ արդէն սկսած է 2019-2020 կրթական տարեշրջանի արձանագրութիւնները:
ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ` Պրէօվէ դասարանի բացում:
Գերազանց աշակերտներու համար` կրթաթոշակի յատուկ զեղչ:
Հեռաձայն` 01/683458 – 76/316042
Կայք` www.mekhitarianlb.com
Մխիթարեան վարժարան… 21-րդ դարու ուսումնարան:
————————————–
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԿՈՄԻՏԱՍ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ – ՊԷՅՐՈՒԹ
ԸՆԹՐԻՔ – ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ
Յատուկ մեծարանքի բաժին`
ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԵՒ ՄԻՇԵԼ ԼԸԿՐԱՆԻ
Կատարողութեամբ`
ՔՐԻՍՏԻՆԻ ԵՒ ԻԶԱՊԷԼԻ
Շաբաթ, 30 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ, Զոքաք Էլ Պլաթ, Պէյրութ:
—————————————
ՊԱՀԱԿԻ ԿԱՐԻՔ
Հայ աւետարանական քոլեճը (Քաղաք) կարիքը ունի մնայուն պահակի մը, որ 24 ժամ ներկայութիւն ապահովէ դպրոցին մէջ: Հետաքրքրուողներ դպրոցական ժամերուն կրնան հեռաձայնել 01-349816 թիւին` ժամադրութիւն առնելու համար:
————————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
ՇԱԲԱԹ, 30 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ
ՇԱԲԱԹ, 30 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃ
ՀԱՄԵՐԳ
ԿԻՐԱԿԻ, 31 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
8 ՄԱՅԻՍ 2019
ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ
BRUNCH
9 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
ՇԱԲԱԹ, 18 ՄԱՅԻՍ 2019

