Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահը Ողջունած Է Քանատայի Մէջ «Արցախի Ժողովուրդի Խորհրդարանական Բարեկամներ» Խումբի Ստեղծումը

March 23, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովէն կը յայտնեն, որ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 22 մարտին շնորհակալական նամակ ուղարկած է  Քանատայի Համայնքներու պալատի անդամ Ռէյչըլ Հարտըրին. աւելի կանուխ տեղեկացուցած էինք, թէ Օթթաուայի մէջ Հարտըրի ղեկավարութեամբ ձեւաւորուած է Արցախի ժողովուրդին հետ խորհրդարանական բարեկամներու խումբ:

«Յարգելի՛ տիկին Հարտըր, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին եւ իմ անունով երախտագիտութիւն կը յայտնեմ ձեզի եւ խումբի անդամներուն` Արցախի ժողովուրդին հետ բարեկամական յարաբերութիւններ զարգացնելու ցանկութեան ու վճռականութեան համար:

Այս նախաձեռնութիւնը հաստատութենական նոր մակարդակ է մեր համագործակցութեան, որ սկսած է երկու տարի առաջ` Ստեփանակերտ կատարած ձեր այցելութեամբ եւ մեր երկրին հետ ծանօթութեամբ:

Համոզուած եմ, որ անիկա արդիւնաւէտ հարթակ պիտի դառնայ Արցախի եւ Քանատայի միջեւ փոխշահաւէտ կապերու ընդլայնման համար, յատկապէս` մարդասիրական համագործակցութեան բնագաւառին մէջ», նշուած է նամակին մէջ:

Ազգային ժողովի նախագահը շնորհակալական նամակ ուղարկած է նաեւ ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պելեանին` բարեկամութեան խումբի ձեւաւորման գործին ցուցաբերած օժանդակութեան համար:

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Եւս Կ՛ողջունէ

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը, որով կ՛ողջունէ Քանատայի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի ստեղծումը:

«Կ՛ողջունենք 19 մարտին Քանատայի մէջ Արցախի հետ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ստեղծումը: Խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը Արցախի միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման կարեւոր ձեւաչափերէն մէկն է:

Քանատացի խորհրդարանականներու այս քայլը անգամ մը եւս կը վկայէ Արցախին եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ մեկուսացման քաղաքականութեան անթոյլատրելիութեան ու անընդունելիութեան մասին: Համոզուած ենք, որ բարեկամութեան խումբի ձեւաւորումը պիտի նպաստէ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական կապերու ընդլայնման, ինչպէս նաեւ ներդրում պիտի ունենայ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման գործին մէջ` ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքի համընդհանուր արժէքներու խթանման միջոցով:

Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ՀՅԴ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին` բարեկամութեան խումբի ձեւաւորման գործին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար» նշուած է մեկնաբանութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Կիրօ Մանոյեան. «Հայաստանն Ու Արցախը Պէտք Է Ռազմավարական Համաձայնագիր Ստորագրեն»

Յաջորդը

Խմբագրական. Կարգավիճակի Համազգային Առաջադրանքը Անխախտ Պահելու Հրամայական

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.