Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան «Օփերա Ռոմանա»-ի Պատուիրակութեան Ընկերակցութեամբ Այցելեց Նախագահ Աունի

March 22, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան նախանցեալ օր ընկերակցութեամբ Վատիկանէն եկած «Օփերա Ռոմանա» ընկերութեան պատուիրակութեան այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Ուխտագնացութիւններ կազմակերպող «Օփերա Ռոմանա» ընկերութեան ընկերակցեցան նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերի, Վատիկանի դեսպանատան գործավար գերապայծառ Իւան Սանթոս եւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Խալիլ Քարամ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու Լիբանանի մէջ տիրող ազգային միասնականութիւնը եւ համերաշխութիւնը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս պապին, որ Լիբանանը վերստին զետեղած է ուխտագնացութիւններու վայր նկատուող երկիրներու քարտէսին վրայ:

Իր կարգին, նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանան իր բոլոր հաստատութիւններով պատրաստ է ամէն ջանք ի գործ դնելու` գործակցելու համար «Օփերա Ռոմանա»-ի հետ, որ Լիբանանը վերադարձուցած էր ուխտագնացութեան երկիրներու քարտէսին:

Ան նշեց, որ «Լիբանան իր բոլոր շրջաններով, հիւսիսով ու հարաւով, եւ կրօնական բազմազանութեամբ կը մնայ այն երկիրը, որուն ծանօթ էք»:

«Այս պահը յարմարագոյն պահն է Լիբանանը վերաշխուժացնելու եւ զայն նկատելու համաշխարհային ուխտագնացութեան հեղինակութիւններուն շարքին», շեշտեց ան:

Ա. Կիտանեան Մասնակցեցաւ Գործարարներու Լիբանանեան-Ռուսական Խորհուրդի Նիստին

Նշենք, որ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Գործարարներու լիբանանեան-ռուսական խորհուրդի Ե. նիստը` մասնակցութեամբ նախարար Կիտանեանի, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյրի, Գործարարներու լիբանանեան-ռուսական խորհուրդի նախագահ Ժաք Սարրաֆի, Գործարարներու լիբանանեան-ռուսական խորհուրդի ընդհանուր տնօրէն Միխայէլ Քոնովալովի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի եւ այլ պատասխանատուներու ներկայութեամբ:

Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու խոստմնալից պայմաններու գոյութիւնը:

Այս առիթով նախարար Կիտանեան անդրադարձաւ վերջերս Ռուսիոյ մէջ իր ապրած մէկշաբաթեայ նոր փորձառութեան, որուն ընթացքին ան հանդիպումներ ունեցաւ զբօսաշրջութեան մարզի, ինչպէս նաեւ ռուսական ու լիբանանեան ճամբորդական գրասենեակներու պատասխանատուներուն հետ:

Ան շեշտեց, որ կան շարք մը դժուարութիւններ, որոնց դիմակայման համար պէտք է լիբանանեան-ռուսական այս խորհուրդին շրջագիծին մէջ գործել` ապահովելու համար անոնց լուծումները:

Նախարար Կիտանեան աւելցուց, որ կան նաեւ շարք մը այլ հարցեր, որոնց լուծման համար պէտք է աշխատի Ռուսիոյ դեսպանը:

Նախարար Կիտանեան նշեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահին կոչ ուղղած է Մոսկուա կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին զբօսաշրջութեան մարզի բարելաւման նպատակով յարմար քայլերու դիմելու:

Ան ակնարկեց Ռուսիա այցելութեան համար լիբանանցիին տրուելիք մուտքի արտօնագիրին, որուն համար լիբանանցին 30-40 օր կը սպասէ, մինչդեռ ռուս զբօսաշրջիկը Լիբանան այցելութեան իր մուտքի արտօնագիրը կրնայ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն ստանալ:

Նախարար Կիտանեան ընդգծեց Լիբանանը Ռուսիոյ մէջ շուկայադրելու կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ ռուս զբօսաշրջիկները տեսակարար զբօսաշրջական ծառայութիւն կը պահանջեն, եւ Լիբանան պէտք է իր ունեցած զբօսաշրջական արտադրութիւնը լաւապէս ներկայացնէ եւ տրամադրէ անոնց:

Ան կարեւոր նկատեց, որ 2018-ին Լիբանան այցելած 11 հազար ռուս զբօսաշրջիկներուն թիւը 2019-ին բարձրանայ 20 հազարի:

«Սփութնիք»-ի Հետ Հարցազրոյց

Միւս կողմէ, նախարար Կիտանեան ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա վերացուց իր քաղաքացիներուն Լիբանան այցելութեան արգելքը` Լիբանանի կառավարուկթեան կազմութենէն ետք:

Ան նշեց, որ սէուտական այս որոշումը պէտք է ըլլայ մեկնարկ, որ Ծոցի երկիրները իրենց կարգին հետեւին Սէուտական Արաբիոյ օրինակին եւ վերացնեն իրենց քաղաքացիներուն Լիբանան այցելութեան արգելքը:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ապահովական կարգ մը հարցեր կը ստուգեն` Լիբանան ճամբորդութեան արգելքը վերացնելու իրենց վերջնական որոշումը տալու համար:

Ան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանը այս իմաստով մեծ ճիգեր ի գործ կը դնէ` մօտիկ ապագային այդ արգելքը վերացնելու նպատակով:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանան այցելութեան արգելք հաստատելու դրդապատճառները քաղաքականէն աւելի ապահովական էին` ընդգծելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձէն ետք ապահովական կայունութիւնը աւելի եւս ամրապնդուեցաւ:

«Ծոցի երկիրներու քաղաքացիներուն Լիբանան վերադարձը իր անդրադարձը պիտի ունենայ Լիբանանի տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան վրայ, այլ խօսքով` անոնք պիտի օժանդակեն Լիբանանին` շրջանցելու տնտեսական իր տագնապը», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան ընդգծեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը այս տարուան համար կը նախատեսէ զբօսաշրջիկներու թիւի աճ արձանագրել:

 

 

 

Նախորդը

«Մեր Քաղաքականութիւնն Է Անյապաղ Ապահովել Տեղահանուածներուն Տունդարձը» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

Փետերսոն Այցելեց Պըրրիի, Հարիրիի Եւ Պասիլի

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.