Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակի Հրամանատարը Ռիչըրտի Եւ Ռամպլինկի Հետ Քննարկեց Սահմանային Պաշտպանութեան Վերաբերող Ամերիկեան Եւ Բրիտանական Օժանդակութիւնները

March 22, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպաններ Էլիզապեթ Ռիչըրտն ու Քրիս Ռամպլինկը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջանի ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ սահմանային պաշտպանութեան վերաբերող ամերիկեան եւ բրիտանական օժանդակութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ սահմանային պաշտպանութեան պատասխանատու սպաներն ու զոյգ դեսպանատուներուն զինուորական կցորդները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան բանակին կարիքները:

Զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան եւ բրիտանական իշխանութիւններուն, որոնք կը շարունակեն լիբանանեան բանակի ցամաքային սահմանապահ ուժերուն օժանդակութիւն տրամադրել: Ան բարձր գնահատեց Ուաշինկթընի եւ Լոնտոնի` մնայուն կերպով բանակին օժանդակելու յանձնառութիւնը:

Ռամպլինկ եւ Ռիչըրտ իրենց կարգին գնահատեցին լիբանանեան բանակին կարողութիւնները եւ նուաճումները` սահմանային պաշտպանութեան առումով:

Անոնք ընդգծեցին, որ իրենց երկիրները պիտի շարունակեն բանակին զօրակցիլ եւ օժանդակել` պաշտպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Ռամպլինկ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կը մնայ Լիբանանը պաշտպանող օրինական միակ ուժը` հաստատելով, որ Մեծն Բրիտանիա պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին` ամրապնդելով անոր հետ ապահովական եւ զինուորական իր յարաբերութիւնները:

Կիպրոս Այցելութիւն

Նշենք, որ նախանցեալ օր բանակի հրամանատարը ուղղուած էր Կիպրոս, ուր ան կիպրացի իր պաշտօնակիցին` զօր. Էլիա Լիոնթարիսի եւ կարգ մը սպաներու հետ քննարկած էր Լիբանանի եւ Կիպրոսի ծովային սահմաններուն վերաբերող հարցեր, լիբանանեան եւ կիպրական բանակներուն միջեւ զինուորական գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ռազմափորձեր կատարելու կարելիութիւնները:

Զօր. Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Սաւաս Անճելիտեսի հետ` ներկայութեամբ Կիպրոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Քլոտ Հաժալի:

 

Նախորդը

Փետերսոն Այցելեց Պըրրիի, Հարիրիի Եւ Պասիլի

Յաջորդը

Սին Էլ Ֆիլի Շէնքերէն Մէկուն Ա. Յարկը Փուլ Եկաւ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.