Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարաքաս Կը Յայտնէ, Թէ Ընդդիմութիւնը Գրաւած Է Միացեալ Նահանգներու Մէջ Վենեզուելայի Դիւանագիտական Ներկայացուցչութեան Շէնքերը

March 20, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վենեզուելայի կառավարութիւնը յայտնած է, որ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները գրաւած են Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենց դիւանագիտական ներկայացուցչութեան շէնքերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` վկայակոչելով երկրին կառավարութեան տարածած յայտարարութիւնը:

«Պոլիվարեան հանրապետութիւնը միջազգային ընտանիքին կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան շէնքերը բռնի կերպով գրաւուած են այն մարդոց կողմէ, որոնք կը վայելեն ամերիկեան կառավարութեան հրապարակային աջակցութիւնը եւ ներկայիս հանդէս կու գան իբրեւ Ամերիկայի գործակալներ` սպասարկելով այդ երկրի քաղաքական շահերուն եւ խախտելով դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի ուխտը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Քարաքաս պահանջած է, որ Ուաշինկթըն հետեւի իր պարտաւորութիւններու կատարման, ներառեալ քայլեր ձեռնարկէ այդ շինութիւններուն գրաւումը դադրեցնելու ուղղութեամբ, հակառակ պարագային Վենեզուելան ինքն իրեն իրաւունք պիտի վերապահէ «օրինական եւ փոխադարձ գործողութիւններ կատարելու իր երկրի տարածքին մէջ»:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Վիեննայի ուխտին համաձայն, նոյնիսկ դիւանագիտական յարաբերութիւններու սառեցման պարագային պետութիւնները պարտաւոր են ապահովել դիւանագիտական ներկայացուցչութեան շէնքերու անձեռնմխելիութիւնը, եւ «Քարաքասի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան պարագային կը պահպանուի այդ սկզբունքը»:

 

Նախորդը

Թրքական Հետախուզութիւնը Եւս Պիտի Ուսումնասիրէ Ութրեխթի Յարձակումին Հեղինակին Մասին Տուեալները

Յաջորդը

«Եւրոպական Խորհուրդի Վեհաժողովի Նախօրեակին «Պրեքզիթ»-ի Յետաձգումը Պիտի Պահանջենք» Ըսաւ Բրիտանացի Նախարար Մը

RelatedPosts

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
Քոպախիծէ. «Մեր Հողային Ամբողջականութեան  Վերականգնումին Առաջ Ռուսիոյ Հետ  Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու  Վերականգնում Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոպախիծէ. «Մեր Հողային Ամբողջականութեան Վերականգնումին Առաջ Ռուսիոյ Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Վերականգնում Պիտի Չըլլայ»

November 28, 2026
Քոփիրքին. «Ռուսիան Ու Չինաստանը  Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ  Խաղաղութեան Ու Կայունութեան»
Միջազգային

Քոփիրքին. «Ռուսիան Ու Չինաստանը Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ու Կայունութեան»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։