Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 16, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 20 մարտ 2019-ին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ խորհրդարանը պատրաստ է քննարկելու պետական ամավարկը` աւելցնելով, որ ներկայիս գնդակը կը գտնուի կառավարութեան դաշտին վրայ:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ երաշխիք պլոքը նիստ մը գումարեց` գլխաւորութեամբ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանի: Պլոքը ընդգծեց, որ Պրիւքսելի խորհրդաժողովէն տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի բացակայութիւնը կառավարութեան համախոհութեան ցուցանիշ չէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ շեշտեց, որ ինք չի մերժեր տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի Սուրիա այցելութիւնը: Ան աւելցուց, որ ինք կ՛առաջարկէ երկու նախարար գործուղել Դամասկոս` իմանալու համար Սուրիոյ իսկական նպատակները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն տեղահանուածներու թղթածրարին քաղաքականացումը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին հարցով, ինք կը զօրակցի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կեցուածքներուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները բնականոնացած են` աւելցնելով, որ սուրիական պետութիւնը կոչ կ՛ուղղէ իր բոլոր քաղաքացիներուն վերադառնալու Սուրիա: Ալի շեշտեց, որ Սուրիա պիտի օժանդակէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին: Միւս կողմէ, Ալի ընդգծեց, որ Արաբական լիկան Սուրիոյ կարիքը ունի:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չեխիոյ դեսպան Միքայելլա Ֆրանքովան, որուն հետ քննարկեց դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները: Իպրահիմ ընդունեց նաեւ երեսփոխաններ Ֆայսալ Սայեղն ու Պիլալ Ապտալլան, որոնց հետ քննարկեց երկիրը յուզող հարցերը:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման շեշտեց, որ ինք պիտի շարունակէ փտածութեան դէմ պայքարը մինչեւ վերջ: Ան նշեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ արդիւնքի մը չեն յանգած: Անդրադառնալով Ժահիլիայի դէպքին` Օսման շեշտեց, որ օրին Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապի ձերբակալութիւնը անհրաժեշտ էր:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը սպասէ վարչապետ Սաատ Հարիրիին` ճշդելու համար կառավարութիւնը հարցապնդելու խորհրդարանի նիստին թուականը: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը մերժելի է` նախքան Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի միջեւ Ռիատի հանդիպումը երկարատեւ եղած է:

 

Նախորդը

«Ամերիկեան Ուժերու Սուրիայէն Հեռացման Ժամանակացոյց Մը Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Ճեֆրի

Յաջորդը

Ժալ Էլ Տիպի Կամուրջները Այսօր Կը Սկսին Գործել

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.