Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Զելանտայի Մէջ Երկու Մզկիթներու Դէմ Կատարուած Յարձակում Մը Պատճառեց Բազմաթիւ Զոհեր

March 16, 2019
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոր Զելանտայի Քրայսթչըրչ քաղաքին մէջ երկու մզկիթներու դէմ կատարուած զինեալ յարձակում մը պատճառեց 49 զոհեր: Առաջին մզկիթը կը գտնուէր Քրայսթչըրչի կեդրոնական թաղամասին մէջ, իսկ երկրորդը` քաղաքի արուարձաններէն Լինվուտի մէջ:

Նոր Զելանտայի վարչապետ Ճասինտա Արտըն յարձակումը նկատեց «ահաբեկչական»` աւելցնելով. «Ասիկա Նոր Զելանտայի մէջ ամէնէն սեւ օրերէն մէկն է… յստակ է, թէ այն, ինչ որ պատահեցաւ, արտասովոր բռնարարք մըն է եւ իր տեսակին մէջ առաջինը»:

Նորզելանտական ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ դէպքին մեղսակից 4 անձեր ձերբակալած է եւ ականուած մեքենաներ յայտնաբերած` աւելցնելով, որ յարձակումին մասնակից անհատներուն թիւը յստակ չէ:

Ձերբակալեալներուն շարքին է յարձակումին հեղինակը` ծնունդով աւստրալական Կրաֆթըն քաղաքէն 28-ամեայ Պրենթըն Թարանթ: Կը հաղորդուի, որ ան համացանցի վրայ տեղադրած է քանի մը էջերէ բաղկացած «մանիֆեսթ» մը, որուն մէջ կը սպառնայ իսլամական աշխարհին եւ Թուրքիոյ: Ան մասնաւորաբար նշած է, որ յարձակումը վրէժ է Եւրոպայի մէջ հազարաւոր մահերու համար: Ան նաեւ իր վրայ ամրագրուած տեսախցիկով նկարած է իր գործած յարձակումը:

Աւստրալիոյ վարչապետ Սքոթ Մորիսըն յայտնեց, թէ յարձակումին հեղինակը Աւստրալիոյ քաղաքացի է: Աւստրալիոյ վարչապետը զինեալը նկարագրեց իբրեւ «ծայրայեղական, աջակողմեան, բիրտ ահաբեկիչ մը»:

Այսպիսի դէպքերը հազուադէպ են Նոր Զելանտայի մէջ, որ զէնք ունենալու իր օրէնքները խստացուց 1992-ին` հարաւային Արամոանա քաղաքին մէջ հոգեկան խանգարում ունեցող անձի մը կողմէ 13 անձերու սպանութենէն երկու տարի ետք:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Օդուժը Ռմբակոծեց Կազան

Յաջորդը

«Ամերիկեան Ուժերու Սուրիայէն Հեռացման Ժամանակացոյց Մը Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Ճեֆրի

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.