Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեան Ներկայացուց «Մեծ Պահքը» Նիւթը

March 16, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին, երեքշաբթի, 12 մարտ 2019-ին «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Եոլանտ Ճոմպալաքեան» ճաշարանին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Աւետիք աբղ. Տէր Կարապետեանը տարեցներուն խօսեցաւ Մեծ պահքի մասին:

Հայր սուրբը գնահատեց ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը` հիմնուելով աւետարանական սկզբունքին եւ Քրիստոսի խօսքին վրայ` «Երբ անօթի էի կերակրեցիք, եւ երբ ծարաւ էի յագեցուցիք»: Ապա ան խօսեցաւ քառասնօրեայ պահեցողութեան մասին: Քրիստոնէութիւնը առանց պատճառի ոչ մէկ բան կը կատարէ: Քառասնօրեայ թիւին առաջին բացատրութիւնը կը վերաբերի Յիսուսի անապատ քաշուելուն եւ ծոմապահութեան: Մենք ալ քառասնօրեայ պահեցողութեան ընթացքին փորձութեան ենթակայ ենք: Սատանան, երբ Յիսուսը կը փորձէր, Աւետարանի խօսքերով կը փորձէր: Աստուծոյ տկար կէտը մենք ենք: Մենք պէտք չէ ձգենք, որ սատանան յաղթէ մեզի: Երկրորդ` երբ մանուկ մը ծնի, եկեղեցի կը տանին Աստուծոյ ընծայելու համար, ինչ որ մաքրութեան եւ Աստուծոյ նուիրելու նշան է: Մենք ալ այս քառասուն օրերու  ընթացքին պէտք է մաքրուինք մեր մեղքերէն, որպէսզի նուիրուինք Աստուծոյ:

Հայր սուրբը նաեւ խօսեցաւ Մեծ պահքի երկրորդ կիրակիին` Արտաքսման կիրակիի մասին: Ան ըսաւ, որ Ադամ եւ Եւա դրախտէն վտարուեցան, որովհետեւ չարին կամքին հնազանդեցան: Աստուած ամէն իշխանութիւն տուած էր իրենց: Հարցադրում մը միշտ մեր միտքը կը խճողէ: Արդեօ՞ք պէտք է մենք Ադամին եւ Եւային գործած մեղքին հետեւանքը կրենք: Բայց եթէ Ադամ եւ Եւա մէկ մեղք գործեցին, մենք ամէն օր եւ ամէն վայրկեան մեղքեր կը գործենք: Մենք պէտք է քննենք մեր կեանքն ու անձերը: Քառասնօրեայ պահեցողութիւնը ճամբորդութիւն է դէպի Գողգոթա, ուր խաչուեցաւ Քրիստոս: Մենք ալ քառասուն օր կրնանք ճամբորդել ու հասնիլ Գողգոթա, խոստովանիլ մեր մեղքերը եւ ընդունիլ զինք որպէս Փրկիչ: Այս ճամբորդութեան ընթացքին մենք պիտի հանդիպինք խոչընդոտներու: Ուստի մեզի հետ պէտք է ունենանք հինգ բան: Առաջին` Պետրոս առաքեալին հաւատքը, երկրորդ` Յակոբոս առաքեալին յոյսը, երրորդ` Յովհաննէս առաքեալին սէրը, չորրորդ Յոբ երանելիին համբերութիւնը, հինգերորդ` Դաւիթ մարգարէին ապաշխարութեան պահը: Արդ, պէտք է իրարու օգնելով եւ քաջալերելով` երթանք Գողգոթա:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1969)

Յաջորդը

Ճափոնի Մէջ` Աղբերուն Դէմ Պայքարող Սամուրայներ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.