Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Սաժեսին (89-82) Եւ Գրաւեց Ընդհանուր Դասաւորման Երկրորդ Դիրքը

March 15, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան  16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 14 մարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը հիւրընկալեց Սաժեսը:

Հիւր կազմը, որ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 9-րդ դիրքը, արդէն իսկ դուրս մնացած է ֆայնըլ-էյթէն եւ փլէյ-օֆի մրցում պիտի կատարէ Բ. դասակարգի երկրորդ դիրքը գրաւած խումբին դէմ (ըստ օրէնքի):

Այս իրողութենէն մեկնելով, որոշ չափով ճնշումը աւելի ՀՄԸՄ-ի վրայ էր, որովհետեւ մարզիչ Ճօ Մուժահեսի կազմը պէտք ունէր յաղթանակի, որպէսզի ընդհանուր դասաւորման մէջ բարձրանայ երկրորդ դիրք:

ՀՄԸՄ բաւական լաւ ձեւով կատարեց մրցումը եւ լաւ ներկայացում մը ունենալով կանաչներուն վրայ, առաջին քորթըրին ունեցաւ եօթը կէտի առաւելութիւն մը (24-17):

Սակայն երկրորդ քորթըրին, մարզիչ Ղասսան Սարգիսի կազմը բաւական բարելաւելով իր խաղարկութիւնը եւ իրերայաջորդ կէտեր նշանակելով յաջողեցաւ առաջին կիսախաղը աւարտել` 42-42 հաւասարութեամբ մը:

Երրորդ քորթըրին, երկու խումբերուն միջեւ պայքարը շարունակուեցաւ յաւելեալ կէտեր նշանակելու համար: Բայց եւ այնպէս, ՀՄԸՄ չէր յաջողեր կէտերու տարբերութիւնը շատ բարձրացնել, բացի անոր վերջին չորս վայրկեաններէն. ատոր շնորհիւ ՀՄԸՄ յաջողեցաւ երրորդ քորթըրը աւարտել 9 կէտի առաւելութեամբ մը` 72-63 արդիւնքով:

Չորրորդ եւ վերջին քորթըրին, մինչ ՀՄԸՄ կը սաստկացնէր իր յարձակումները եւ կը փորձէր կէտերու տարբերութիւնը աւելի մեծցնել, իր դէմ կը գտնէր բաւական յամառ մրցակից մը, որ մեծապէս կը դժուարացնէր ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը` յաղթանակ արձանագրելու իմաստով:

Սակայն ՀՄԸՄ շրջանցեց այս արգելքը, արձանագրեց 89-82 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ շարունակեց իր դաշտին վրայ մնալ անպարտելի` յաջորդաբար 25-րդ մրցումն ըլլալով:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Մայք Էֆիպրա (23), ներառեալ 3 թրի փոյնթ, մինչ անոր խմբակից Ոիոլթըր Հոճ` 17 կէտ, իսկ Էլի Ռըսթոմ` 16:

Իսկ Սաժեսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռամել Քարի (24), մինչ անոր խմբակից Քէանու Փոսթ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (14 կէտ, 10 ռիպաունտ):

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Ռիատի Պէյրութը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 15 Մարտ 2019)

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.