«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան վեց ճակատումներ:

Հիուսթընի մէջ, Ռոքեթց, որ հիւրընկալեց երկրին գործող ախոյեանը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը, կրեց 2 կէտի տարբերութեամբ պարտութիւն մը` 106-104 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն Քլէյ Թոմսըն նշանակեց 30 կէտ, մինչ Ռոքեթցէն Ճէյմս Հարտեն` 29 կէտ:
Օքլահոմա Սիթի 108-96 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պրուքլին Նեթցին: Յաղթական կազմէն Ռասըլ Ուեսթպրուք թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (31 կէտ, 12 ռիպաունտ, 11 էսիսթ):
Եութա Ճեզ 114-97 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ֆէոնիքս Սանզի դաշտէն: Վերջինէս Տեւին Պուքըր նշանակեց 27 կէտ:


