Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանը Եւ Վրաստանը Մեծ Ներուժ Ունին` Ըլլալու Զարգացած Եւ Հզօր Երկիրներ» Կ՛ըսէ Սալոմէ Զուրապիշվիլի

March 15, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի ի պատիւ 13 մարտին Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է ճաշ:

Այս այցելութեան առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան անդրադարձած է հայ եւ վրացի ժողովուրդներու բարեկամութեան դարաւոր ակունքներուն` դիտել տալով, որ թէեւ երկու ժողովուրդները դարերու ընթացքին անցած են տարբեր փորձառութիւններու բովով, սակայն զանոնք միաւորած է ընդհանուր պատմութիւնը եւ ընդհանուր մշակոյթը, որոնց վերաբերող օրինակները բազմաթիւ են: Ան ըսած է, թէ միայն անցեալով կարելի չէ սահմանափակել այդ կապերը, այլ նաեւ ժամանակը ցոյց կու տայ, որ մենք բարի եւ բարեկամական ապագայ պիտի ունենանք:

Նշելով, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ իր ուրոյն տեղը ունի ժողովուրդներու հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը` նախագահ Սարգսեան նշած է, որ այս տարի Հայաստանի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ ծննդեան 150-ամեակը Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանին, որ մեծարուեցաւ նաեւ Թիֆլիսի մէջ, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ Թումանեանի մարդկային ու բանաստեղծական հետքը ո՛չ միայն Դսեղի, Երեւանի եւ Հայաստանի մէջ է, այլ նաեւ Թիֆլիսի ու Վրաստանի:

Եզրափակելով իր խօսքը` նախագահ Սարգսեան բարեկամ վրացի ժողովուրդին մաղթած է խաղաղութիւն, բարգաւաճում եւ ամենայն բարիք` յուսալով, որ անխախտ կը մնայ հայ-վրացական բարեկամութիւնը:

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի իր կարգին հաստատած է, որ վրացիներն ու հայերը միաւորուած են այն արժեհամակարգին շուրջ, որուն վրայ պատմականօրէն հիմնուած է Կովկասը: «Իսկ մշակոյթը այն ոլորտն է, ուր մեր մերձեցումը շատ լաւ կերպով կ՛երեւի: Սայաթ Նովայով, Արամ Խաչատուրեանով, Փարաջանովով, Շարլ Ազնաւուրով, Կիվի Շահնազարով եւ բազում այլ հայ մեծերով կը հպարտանան թէ՛ վրացիները եւ թէ՛ հայերը»: Ըստ անոր, պէտք է մշակութային յարաբերութիւններէն անդին անցնիլ եւ այլ դաշտեր ընդգրկել: «Մենք մեծ ներուժ ունինք` ըլլալու զարգացած եւ հզօր երկիրներ: Այդ ճամբուն վրայ իրարու աջակցելով մեծ յաջողութիւններու կը հասնինք», ըսած է ան:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Հայաստան Պատրաստ Է ԵԽԽՎ-ի Դիտորդական Յանձնաժողովին Հետ Շարունակելու Բաց Եւ Անկեղծ Երկխօսութիւնը»

Յաջորդը

Ակնարկ. Համակարգում Իտլիպի Մէջ` Վերահսկողութեան Եւ Արտօնութեան Միջեւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.