Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Մեր Բոլոր Դիւանագէտները Պիտի Հեռացնենք Վենեզուելայէն»

March 13, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իր բոլոր դիւանագէտները պիտի հեռացնէ Վենեզուելայէն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ որոշեցին Քարաքասի մէջ իրենց դեսպանատան մնացեալ դիւանագէտները տուն կանչել»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նշեց. «Այդ որոշումը կ՛արտացոլէ Վենեզուելայի մէջ կացութեան վատ վիճակը, նաեւ դեսպանատան մէջ ամերիկացիներու ներկայութիւնը ամերիկեան քաղաքականութեան կաշկանդումի վերածուած է»:

Մինչ այդ, Վենեզուելայի խորհրդարանը ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտոյի առաջարկով երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց` հանրապետութեան տարածքին մեծ մասին մէջ ելեկտրականութեան անջատման պատճառով:

Կուայտօ խորհրդարանին դիմած էր երկրին մէջ 30 օրով արտակարգ դրութիւն հաստատելու, որպէսզի միջազգային օգնութիւն ապահովուի երկրի ելեկտրականութեան համակարգի վերականգնման համար: Ինքզինք երկրի ժամանակաւոր նախագահ հռչակած Կուայտոյի կողմէ առաջարկուած հրամանագիրը նաեւ Վենեզուելայի զինեալ ուժերուն կը պարտաւորեցնէ համախմբել բոլոր ուժերը, որոնք անհրաժեշտ են պետական ելեկտրական ընկերութեան կեդրոններն ու աշխատակիցները պատշաճ կերպով պաշտպանելու համար:

7 մարտի երեկոյեան մայրաքաղաք Քարաքասն ու Վենեզուելայի նահանգներուն մեծ մասը մնացած էին առանց ելեկտրականութեան: Ելեկտրականութեան մատակարարման ճգնաժամը կը շարունակուի:

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ յայտարարեց, թէ ձերբակալուած են երկու անձեր, որոնք փորձած են երկրին հաղորդակցութեան եւ ելեկտրականութեան մատակարարման ցանցերը խափանել: Ան աւելցուց, որ բուռն ճակատամարտ կը մղուի երկրին ելեկտրական համակարգը «ազատագրելու» համար:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, թէ Վենեզուելայի մէջ կայսերապաշտական իսկական ուժը Քուպան է, որ Նիքոլաս Մատուրոյին քաղաքական ծածկոյթ կ՛ապահովէ: «Մատուրոյի վարչակարգը 50 հազար տակառ քարիւղ կ՛ապահովէ Քուպային, որ այդ աժան քարիւղին կարիքը ունի», ըսաւ ան:

Փոմփէօ երկուշաբթի օր Յորդանանի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած էր. «Կուայտոյին օգնեցինք կազմելու իր խմբակը, եւ այդ աշխատանքը պիտի շարունակենք, այնքան ատեն որ մեր խումբը կը գտնուի Վենեզուելա»:

 

Նախորդը

Բրիտանիոյ Խորհրդարանը Մերժեց Վարչապետ Մէյի Եւրոպական Միութեան Հետ «Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Գոյացուցած Համաձայնութիւնը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Ուոքըր Նշանակեց 40 Կէտ, Բայց Հոռնեթց Պարտուեցաւ Ռոքեթցէն (118-106)

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.