Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահին Հանդիպումները` Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

March 13, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան 12 մարտին հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի, Ազգային ժողովի Եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արման Եղոյեանի, Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան  հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Մխիթար Հայրապետեանի հետ, կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի հասարակութեան եւ լրատուութեան վարչութենէն:

Հաշուի առնելով Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի փորձն ու հմտութիւնը` հայ խորհրդարանականները ընդգծած են մեր երկրին համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցերու վերաբերեալ կառոյցին հետ սերտ համագործակցութիւնը:

Խօսելով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին մասին` զրուցակիցները կարեւոր նկատած են անոր ըստ կարելւոյն արագ վաւերացումը Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու խորհրդարաններուն կողմէ:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ միջազգային խորհրդարանական հարթակներու վրայ հայկական պատուիրակութիւններու գործունէութեան, յառաջիկային տեղի ունենալիք Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն:

«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան, անդամներ Տարօն Սիմոնեան, Անի Սամսոնեան եւ Աննա Կոստանեան նոյնպէս հանդիպում ունեցած են ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահին հետ:

Էտմոն Մարուքեան կարեւոր նկատած է գրասենեակին հետ աշխուժ համագործակցութիւնը` նշելով, որ կառոյցը իր ամէնօրեայ  աշխատանքներով միշտ կ՛աջակցի հայաստանեան պատուիրակութիւններուն:

Կողմերը վերահաստատած են առկայ գործակցութեան խորացման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկած հետագայ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

Նոյն օրը Գասպար Կարապետեանի հետ հանդիպում ունեցած է Ազգային ժողովի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Նայիրա Զոհրապեան:

Զոհրապեան ներկայացուցած է մեր երկրի օրակարգին առնչուող այն հարցերը, որոնց վերաբերեալ թէ՛ ԵԽԽՎ-ին, թէ՛ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ պէտք է աշխուժ աշխատանք տարուի: Նայիրա Զոհրապեան նշած է, որ այդ կառոյցներուն մէջ առկայ որոշ հարցերու վերաբերեալ անհրաժեշտ է Ազգային ժողովի, Հայաստանի  արտաքին գործոց նախարարութեան եւ սփիւռքի կառոյցներու միացեալ  աշխատանքը եւ արձագանգը:

Ըստ Նայիրա Զոհրապեանի, անհրաժեշտ է փոփոխութիւն կատարել Ազգային ժողովի միջազգային պատուիրակութիւններու եւ սփիւռքի կառոյցներու միացեալ աշխատանքին մէջ, ներդնել նոր եւ ճկուն մեքանիզմներ` ներգրաւուելով հայկական լայն լոպիստական շրջանակներ` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին օրակարգի գերակայ խնդիրները միջազգային հարթակներուն վրայ աւելի  արդիւնաւէտ ներկայացնելու եւ պաշտպանելու համար:

Հանդիպումներուն ներկայ եղած են նաեւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էվինեան եւ ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի Եւրոպայի բաժինի ներկայացուցիչ Արշակ Մեսրոպեան:

 

 

Նախորդը

Ալիեւ Գոհ Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Յայտարարութենէն

Յաջորդը

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Եւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդներու Միացեալ Նիստը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.