Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէյ. «Եւրոպական Միութեան Հետ Բանակցութիւնները Մատնուած Են Անել Կացութեան»

March 12, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մէյ «Պրեքզիթ»-ին Պատճառով Զրկուած Է Գրեթէ Բոլոր Նախարարներու Աջակցութենէն

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ Եւրոպական միութեան կազմէն Բրիտանիոյ դուրս գալուն` «Պրեքզիթ»-ին առնչուած ճգնաժամային կացութեան պատճառով զրկուած է գրեթէ բոլոր նախարարներու աջակցութենէն: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը:

Օրաթերթին տուեալներով` բրիտանական կառավարութեան անդամները կը զօրակցին յուլիսէն ոչ ուշ Մէյի հրաժարականին, որպէսզի Պահպանողական կուսակցութեան նոր ղեկավարը կարենայ կատարել «Պրեքզիթ»-ի շուրջ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը, եթէ խորհրդարանը դէմ արտայայտուի առանց Պրիւքսելի հետ համագործակցութեան համաձայնագիրի Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու հեռանկարին:

«Ես պիտի ըսէի, որ նախարարական խորհուրդին մէջ կան միայն երկու նախարարներ, որոնք տակաւին անոր կ՛աջակցին: Մնացեալ բոլորը կորսնցուցած են հաւատը ղեկավարելու անոր ընդունակութեան նկատմամբ», նշած է օրաթերթի կառավարական աղբիւրը:

Օրաթերթը կը գրէ, թէ կը նախատեսուի, որ Բրիտանիոյ վարչապետը այսօր պարտութիւն կրէ «Պրեքզիթ»-ի պայմաններուն վերաբերեալ Պրիւքսելի հետ ձեռք բերուած համաձայնագիրին շուրջ հերթական քուէարկութեան ընթացքին: Արդէն վաղը երեսփոխանները, ինչպէս կը սպասուի, պիտի քուէարկեն առանց գործարքի «Պրեքզիթ»-ի բեմագրութեան իրագործման հարցին շուրջ եւ, նախատեսութիւններուն համաձայն, պիտի մերժեն այդ տարբերակը: Եթէ երեսփոխանները դէմ արտայայտուին «կարծր» «Պրեքզիթ»-ին, ապա անոնք պիտի քննարկեն Բրիտանիոյ` Եւրոպական միութենէն դուրս գալու թուականի յետաձգման անհրաժեշտութեան օգտին, ինչ որ վերջնականապէս պիտի խարխլէ Մէյի դիրքերը:

«Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» կը նշէ, որ բրիտանական կառավարութեան ղեկավարը կրնայ արդէն իր պաշտօնէն հրաժարիլ 13 մարտի երեկոյեան, եթէ ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութիւնը նախաձեռնէ եւ շահի կառավարութեան նկատմամբ անվստահութեան քուէարկութիւնը:

Մէյ երէկ յայտարարեց. «Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւնները մատնուած են անել կացութեան»:

Նախորդը

Չինաստան Միջնորդ Պիտի Դառնայ Հնդկաստան-Փաքիստան Ճգնաժամի Լուծման

Յաջորդը

Պութաֆլիքա Յետաձգեց Ալճերիոյ Նախագահական Ընտրութիւնը Եւ 5-րդ Նստաշրջանի Մը Համար Թեկնածու Պիտի Չներկայանայ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.