Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (11 Մարտ 1969)

March 11, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կոմիտասի Ծննդեան
100-ամեակին Նուիրուած
Յիշատակի Հանդէսը

Հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսին եւ նախաձեռնութեամբ Համազգայինի երաժշտական կեդրոնական յանձնախումբին,  երէկ` կիրակի, 9 մարտ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին ամերիկեան համալսարանի «Չեփըլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած յիշատակի հանդէսը:

Ներկայ էին` Խորէն Ա. կաթողիկոս, կաթողիկէ հայոց պատրիարք Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան, լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, Թեհրանի հայոց առաջնորդ Արտակ արք. Մանուկեան, Հալէպի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Գէորգ արք. Լայիքեան, կաթողիկէ պատրիարքարանի ընդհ. փոխանորդ Արհի. Մեսրոպ եպս. Թերզեան, դրան եպիսկոպոս Գարեգին եպս. Սարգիսեան, պետական երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեան, երեւելի ազգայիններ եւ երկսեռ հասարակութիւն մը, որ ծայրէ ծայր լեցուցած էր ընդարձակ սրահը:

Յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը կատարեց Գէորգ Գանտահարեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Կոմիտասի կեանքն ու գործը եւ ընդգծեց արժանիքները:

Բանախօսեց Գարեգին եպս. Սարգիսեան: Ներկայացուց Կոմիտասի կատարած մեծ դերը: (Սրբազան Հօր բովանդակալից բանախօսութիւնը ամբողջութեամբ պիտի տանք առանձին):

Երգիչ Կարապետ Չատըրեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Մելինէ Թնճուկեանի, ապրումով մեներգեց «Գարուն ա», «Քելէ, քելէ»-ն եւ «Ծիրանի ծառ»-ը:

Կոստան Զարեանի «Ասացուածք մեռած բանաստեղծի համար»-ին խմբական արտասանութիւնը կատարեցին դպրեվանքի սաները:

Երգչուհի Արփինէ Փեհլիվանեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Մելինէ Թնճուկեանի, խոր ապրումով մեներգեց «Տըլէ եաման»-ը, «Կաքաւիկ»-ը եւ «Կռունկ»-ը:

Երաժշտագէտ Օննիկ Սիւրմէլեանի ղեկավարութեամբ, լարային նուագախումբը նուագեց «Հոյ նազան»-ը, «Այ այլուղ»-ը, «Ալագեազ»-ը, «Հաբրբան»-ը եւ «Էջմիածնի պար»-ը: Այս վերջինը կրկնուեցաւ:

Խմբավար Գէորգ Գանտահարեանի ղեկավարութեամբ, «Կանաչեան» երգչախումբը խմբերգեց «Սուրբ սուրբ»-ը, որ ունկնդրուեցաւ յոտնկայս, «Սարերի վրով գնաց»-ը, «Այ աղջիկ-անձրեւ եկաւ»-ը եւ մեծ յաջողութեամբ` «Կալերգ»-ը:

Բանախօս ու արուեստագէտներ` գնահատուեցան բուռն ծափերով:

Փակման խօսքը ըրաւ վեհափառ հայրապետը: «Հոգեկան գոհունակութեան եւ վայելքի գեղեցիկ պահ մը եղաւ այս երեկոն»: Գործադրուած յայտագիրը լաւագոյնս ներկայացուց հայ երաժշտութեան մեծ քուրմին` անմահն Կոմիտասի կեանքը եւ անոր կատարած սքանչելի գործը:

«Հայ ժողովրդական երաժշտական կալուածէն ներս Կոմիտաս վարդապետ եղաւ այն անձնաւորութիւնը, որ գիտցաւ եւ կրցաւ հաւաքել գրեթէ անճանաչելի դարձած մեր երգերը, զտեց, մշակեց զանոնք եւ իբրեւ երաժշտական ընտիր գոհարներ` ներկայացուց հայ ժողովուրդին:

«Բարձրօրէն կը գնահատենք Համազգայինի երաժշտական կեդր. յանձնախումբը` իր այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար: Կ՛օրհնենք անմահն Կոմիտասի անթառամ յիշատակը: Կ՛օրհնենք բոլոր ծառայողները եւ սպասարկուները, որոնք նուիրուած են հայ երաժշտութեան եւ հայ մշակոյթին», ըսաւ վեհափառը:

Հանճարեղ Կոմիտասի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած յիշատակի այս փառաշուք հանդէսը յարգանքի տպաւորիչ պահ մը եղաւ:

Փրփուր, Որ Պիտի Հալի…

Ողբերգականը ունեւոր ու «նախանձելի դիրքերու հասնող» դասուն ինքնաբաւութեան զգացումն է: Այս երկրին մէջ, օրինակ, վերջին երկու տասնեակ տարիներուն կայք ու տնտեսութիւն հաստատած հայրենակիցներէ շատեր շատո՜նց մնաք բարով ըսած են ազգի՛ն ալ, ազգային հետաքրքրութեա՛ն ալ:

Ոմանք համեստ արհեստաւորներ էին իրենց երբեմնի երկիրներուն մէջ, օր չէին կրնար անցընել առանց հայ թերթ մը տուն տանելու, կիրակիները ժամ կամ ակումբ երթալու, գործօն մասնակցութիւն բերելու հանրային նախաձեռնութեանց կամ հաւաքոյթներու: Եկան այս ափերը ու «նախանձելի դիրքերու» հասնելէ ետք` աննախանձելի մեծամտութիւններու անձնատուր եղան. մոռցան իրենց որբութիւնը, խոնարհամտութիւնը, նուիրումի զգացումը, ազգին սիրով ջերմանալու կարօտանքը ու հազի՜ւ կը հաճին իրենց հայութիւնը խոստովանիլ կամ հանրային հետաքրքրութեան մը փաստը տալ` «Պնակ մը կերակուր»-ը յիշելու համար:

Ամերիկահայութիւնը (ա՛յն սերունդները, որոնք յիսուն կամ քառասուն տարի առաջ ինկան հիւրընկալ այս ափերուն վրայ, ուրկէ կամ աւերէ խոյս տալով) ժայռի պէս ամուր պահեց իր հայրենասիրութիւնը, զոհաբերութեան իր անսահման զգացումը, ազգային գիտակցութիւնը եւ պայքարունակ ոգին: Եթէ այսօր տակաւին կ՛ապրինք իբրեւ հայութիւն, մեր գոյութիւնը կը պարտինք նո՛յն  այդ սերունդի անխաթար ինքնութեան: Հապա՞ եկուորներու նկատելի մէկ զանգուածը…

Մէկ օրէն միւսը պապէն աւելի պապական «ամերիկացի» դառնալու չտեսութիւնն է, որ ցոյց կու տան:

Կը հալի՜ն իրենք, ու կը հալի իրենց հայութիւնը: Կը դառնան փրփուր, որ դատապարտուած է կորսուելու` ծովափին վրայ փշրուող ալիքներու  պէս…

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Թէոդիկ (Թէոդորոս Լէպճինճեան, 1873-1928). «Ամէնուն Տարեցոյց»-ի Մեծավաստակ Խմբագիրը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.