ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեր գործունէութիւնները պիտի շատնան: Յարմար շրջան է հանդիպումներու: Համարձակութեամբ քննարկեցէք, բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ: Լաւ սերտեցէք ձեր քայլերը` նախքան առաջ երթալը:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Մի՛ համաձայնիք գործակցիլ անծանօթ մարդոց հետ: Յստակութիւն փնտռեցէք ամէն բանի մէջ: Աշխատեցէք ամէն գնով վերադարձնել ձեր իրաւունքները: Դուք պէտք է կեդրոնանաք ձեր գործին վրայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Այս օրերուն աշխուժութեամբ պիտի կատարէք ձեր վրայ դրուած բոլոր պարտականութիւնները: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է: Պիտի իրականացնէք ձեր նպատակներէն մէկը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Սեւ մտքերէն եւ վատ տրամադրութենէն հեռու կեցէք: Յուսախաբ պիտի ըլլաք, եւ ձեր գործերը պիտի ուշանան: Հեռու մնացէք աղմուկէ եւ կտրուկ որոշումներ մի՛ տաք այս օրերուն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ժամանակը հասած է, որ վերջ տաք դժուար շրջանի մը եւ լուծէք ձեր վերջին խնդիրը` համբերութեամբ եւ բծախնդրութեամբ: Մի՛ համաձայնիք ձեզի յարմար չեղող պայմաններուն: Քննարկեցէք համարձակութեամբ եւ մի՛ յանձնուիք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Անկեղծ յարաբերութիւններ մշակելու կողմնակից էք: Յարմար ժամանակ է` ընկերային հանդիպում մը կազմակերպելու: Աշխուժօրէն պիտի կատարէք ձեր գործերը:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ամսուան ամէնէն լաւ ու դրական օրերէն մէկն է: Պիտի հանգստանաք երեւոյթներու բնականոն ընթացքին համար: Հարցի մը շուրջ համաձայնութիւն մը պիտի կնքէք հակառակ կողմի մը հետ: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Կուտակուած սեւ ամպերը պիտի փարատին, եւ ձեր երկինքը պիտի պայծառանայ: Մի՛ պարտադրէք ձեր տեսակէտը ուրիշներուն: Ձեր անձնական պահանջները պիտի շատնան:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ամուր պահեցէք ձեր ջիղերը: Զգայնութիւններ յառաջացնող խնդիրներէն հեռու մնացէք: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է: Զարգացում մը ձեր կեանքը պիտի դիւրացնէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ճնշումները պիտի շատնան եւ ձեր առողջութեան վրայ պիտի ազդեն: Կարգաւորեցէք ձեր ժամանակը, որպէսզի ձեր գործերը ուշացում չարձանագրեն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Պիտի ուրախանաք դէպքով մը: Շինիչ եւ խոստմնալից շրջան մըն է: Հանդիպում մը պիտի ունենաք ձեր գործընկերներուն հետ եւ պիտի քննարկէք ձեր գործին վերաբերող հարցեր:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ընտանեկան եւ անձնական հարցերով պիտի զբաղիք: Թոյլ մի՛ տաք, որ քանդեն ձեր տրամադրութիւնը եւ ազդեն ձեր ցանկութեան վրայ: Պիտի յաջողիք տուեալները ի շահ ձեզի օգտագործել:
