Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Կիներու Տօնէն Դէպի Իրաւահաւասարութիւն (Մարտ 8-ի Առիթով)

March 8, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային տօնացոյցը հետզհետէ յագեցած պատկեր կը ստանայ: Այս ընթացքը կը համոզէ, որ իւրաքանչիւր օր միջազգային հնչեղութիւն պիտի ապահովէ` նուիրուած ըլլալով յատուկ թեմայի: Մարդու իրաւունքներ, կիներու, հայրերու, մայրերու, դիւանագէտի, սիրոյ, հանդուրժողութեան, քաղցկեղի, բանաստեղծութեան, անտառներու® Տարուան մէջ նշելի 160-էն աւելի  թեմաներու շարքին մէջ օրեր կան, որոնք երկու տօնի յատկացուած են եւ միջազգային հանրութեան  կը յուշեն նշել երկուքը հաւասարապէս միեւնոյն օրը: Ընտրուած թեմաներէն շատեր համամարդկային բնոյթ ունին, ուրիշներ իրենց ձեւակերպումներով կը յուշեն քաղաքական էութիւնը:

Համամարդկային երեւոյթներու անդրադարձող տօները ժամանակի ընթացքին ստացած են գաղափարաքաղաքական գունաւորում եւ անոնց նշման ընթացքին այս կամ այն պետութեան կամ հասարակարգին կողմէ առիթ նկատուած քաղաքական խնդիրներ բարձրացնելու:

Կիներու միջազգային օրը ընկերվարական հայեցակէտերէ արծարծուող թեմայի հանգամանքներէն  կտրուկ անցում կատարած է խորհրդային համակարգին կողմէ որդեգրուած տօնի կարգավիճակի: Ընկերաբանական եւ մարդկային իրաւունքներու խնդիրներուն առընթեր եւ գուցէ անոնցմէ աւելի այս տօնին հնչած են խորհրդային համակարգի քաղաքական վարքագիծի համահունչ յայտարարութիւնները, պետական ամէնէն բարձր ամպիոններէն:

Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ միայն Խորհրդային Միութիւնն էր, որ քաղաքական երանգ եւ շեշտադրումներ կու տար Կիներու միջազգային օրուան: Աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ կիներու իրաւունքներու խնդիրը գաղափարախօսականէն աւելի ընտրական արշաւներու առիթով հրապարակուող ծրագիրներու կը կապուի եւ կը շահարկուի քաղաքական տարբեր շրջանակներու կողմէ վարկանիշեր ապահովելու համար:

Բայց ի վերջոյ ի՛նչն է բուն խնդիրը այսօր, որ կիներու իրաւունքներու հարցը ո՛չ միայն օրուան առիթով, այլ նաեւ հասարակական տարբեր քննարկումներու ընթացքին կ՛արծարծուի: Երբ Կիներու միջազգային օր կը ձեւակերպուի կամ պետական տարբեր կառոյցներու ու կառավարման մարմիններու կազմութեան մէջ կիներու մասնակցութեան չափաբաժինը կը կանոնակարգուի, այդ պարագային արդէն ենթագիտակցութիւններու մէջ կ՛ուրուագծուի իրաւազրկումի գաղափարը:

Բնական է, որ իւրաքանչիւր միջավայրի մէջ տարբեր ընկալում ունի այս խնդիրը:  Եթէ տեղ մը 21-րդ դարուն կիներու վարորդական իրաւունքի շնորհումը յառաջդիմական քայլ կը նկատուի, այլ տեղ զինուորական ծառայութենէ զերծ մնալը իբրեւ առանձնաշնորհում կը մեկնաբանուի:

Խնդիրը առաւելաբար անհրաժեշտ է դիտարկել մարդու իրաւունքներ հասկացողութեան ընդհանուր պարունակին մէջ, եթէ այսօրուան եզրոյթը օգտագործելով պիտի խօսինք սեռային իրաւահաւասարութեան մասին:

Իւրաքանչիւր միջավայր ստեղծած է ընկալումի իր իւրայատուկ տուեալները, կարծրատիպերը: Այդ կարծրատիպերը չեն օգներ անշուշտ սեռային ամբողջական իրաւահաւասարութեան կայացման:

Կարելի չէ չնկատել սակայն ընդհանուր միտումը մեր ապրած միջավայրերուն մէջ` Հայաստանէն Լիբանան, ուր կիներու հետզհետէ լիիրաւ մասնակցութիւնը հասարակական կեանքին կը ձգտի առաջադրած իրաւահաւասարութեան կայացման: Պարզ հայեացք մը այս պարագային պետական հաստատութիւններու մէջ կիներու ներկայութեան կը համոզէ արդէն, որ պատկերը նոյնը չէր համեմատաբար հինգ կամ տասը տարի առաջ:

Ժողովրդավար երկիրներու մէջ Սահմանադրութիւնները կը խօսին քաղաքացիներու համահաւասար իրաւունքներու մասին: Այնտեղ չկայ որեւէ իրաւազրկում կամ սահմանափակում: Խնդիրը հասարակական կարծրատիպերուն կը վերաբերի: Սեռային իրաւահաւասարութիւնը չափաբաժիններէ կամ օրինականացումներէ անդին գիտակցական ընկալումի հետ կապուած է. յամենայն դէպս, ժամանակը ի նպաստ այդ առաջադրանքի իրականացման կը թուի ըլլալ:

Նախորդը

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը Հանդիպում Ունեցած Է Հոլանտացի Խորհրդարանականներու Հետ

Յաջորդը

«Կը Ծրագրենք Ռուսական «Էս-400» Համակարգերը Ստանձնել Յուլիսին» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Փոխնախագահը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.