Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ստեղծուած Նոր Իրավիճակին Մէջ Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Նոր Հնարաւորութիւններ Կը Ստեղծուին» Կ՛ըսէ Ուորլիք

March 4, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստեղծուած նոր իրավիճակին մէջ ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին: Այս մասին «Ամերիկայի Ձայն»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ, ներկայիս ռուսական իրաւաբանական ընկերութեան աշխատակից դեսպան Ճէյմս Ուորլիք:

«Կարծէք թէ, նախագահ Ալիեւի կ՛ընդունի, որ նոր հնարաւորութիւններ բացուած են: Կը հաւատամ, որ այս պայմաններուն մէջ համանախագահները կ՛աշխատին երկու պետութիւններու ղեկավարներու միջեւ պաշտօնական վեհաժողով կազմակերպելու ուղղութեամբ»:

Պաշտօնաթող դեսպան Ուորլիք, որ այժմ Ուաշինկթընի մէջ կը ներկայացնէ Վլատիմիր Փութինի դասընկեր եւ ընկեր` Նիքոլայ Եկորովի կողմէ հիմնուած «Եկորով, Փուկինսքի, Աֆանասյեւ եւ գործընկերներ» ռուսական մեծագոյն իրաւաբանական ընկերութիւնը, կ՛ընդգծէ, որ չի կիսեր այն կարծիքը, թէ Մոսկուան հետաքրքրուած չէ ղարաբաղեան տագնապի լուծմամբ:

«Երեք տարի համանախագահ աշխատելով` ես ատոր որեւէ ապացոյց չեմ տեսած: Ընդհակառակը, աշխատած եմ Ռուսիոյ կառավարութեան հետ, տեսած եմ անոնց հետաքրքրութիւնը լուծման նկատմամբ: Եւ ըսեմ, որ ատիկա տրամաբանական է. Ռուսիան ունի աշխարհի վրայ բազմաթիւ այլ խնդիրներ եւ չէր փափաքեր, որ իր սահմաններուն վրայ, իր աւանդական բարեկամներ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը սրէր»:

Յիշեցնենք, որ Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ, պաշտօնաթող դեսպան Ռիչըրտ Հոկլընտ «Ամերիկայի Ձայն»-ին ըսած էր, թէ Ռուսիոյ մէջ կան շրջանակներ, որոնք հետաքրքրուած չեն ղարաբաղեան խնդիրի լիարժէք լուծմամբ, որովհետեւ ատոր իբրեւ արդիւնք Քրեմլին պիտի զրկուի Երեւանի եւ Պաքուի վրայ ազդեցութիւն գործադրելու կարեւոր լծակէ:

Դեսպան Ճէյմս Ուորլիքի համաձայն, ժամանակի ընթացքին ղարաբաղեան տագնապը ոչ թէ կը սառի, այլ կը դառնայ աւելի վտանգաւոր: Ուստի, անհրաժեշտ է զայն լուծել եւ, իր իսկ խօսքերով, օր առաջ ազատիլ երկիրներու ապագան մշուշի մէջ ձգող ամպերէն. «Իսկ ձեր կարծիքով, հայերու յաւելեալ սերունդ մը կ՛ուզէ՞ ապրիլ այս ամպին տակ: Անշուշտ` ոչ: Նոյնը կը վերաբերի ազրպէյճանցիներուն` արդեօք կը կարծէ՞ք, թէ Ազրպէյճանի ժողովուրդը կ՛ուզէ այս խնդիրը փոխանցել յաջորդ սերունդներուն: Անշուշտ` ոչ», ըսած է Ուորլիք:

 

 

Նախորդը

Տիւքան. «Ներդրումները Դժուար Թէ Ապահովուին, Առանց Ելեկտրականութեան Մարզը Բարեկարգելու»

Յաջորդը

Հելսինքեան Կոմիտէն Սումկայիթի Ջարդերուն Վերաբերեալ Յայտարարութիւն Հրապարակած Է

RelatedPosts

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ալիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Անհետ Կորսուած Ազրպէյճանցիներու Ճակատագիրի, Զանգուածային Ու Անհատական Թաղման Վայրերու Վերաբերեալ Ամբողջական Տեղեկութիւն Տրամադրէ»

October 8, 2026
Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.