Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն

March 2, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան հետեւեալ հաղորդագրութիւնը յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը, մեկնելով նախապէս հրապարակած իր հաղորդագրութիւններէն, շրջանի բնակիչներն ու քաղաքացիները տեղեակ կը պահէ, թէ աղբերու ժամանակաւոր «կառատուն»-ը դատարկելու աշխատանքները, որոնք վերջերս գարշահոտեր պատճառած էին եւ նեղացուցած զանոնք, արդէն իսկ աւարտած են:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը այդ աշխատանքին համար Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդին կողմէ նշանակուած կապալառուէն իմացած է, թէ այդ աշխատանքները ամբողջացուցած են 28 փետրուար 2019-ին:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը նախապէս` 5 փետրուար 2019-ին իր հրապարակած հաղորդագրութեամբ տեղեակ պահած էր շրջանի բնակիչներն ու քաղաքացիները գարշահոտերուն պատճառին մասին եւ յայտնած այդ աշխատանքի աւարտին մօտալուտ ըլլալու իրականութիւնը:

Նախապէս յայտնած էինք, որ 2016-ի օգոստոսէն սեպտեմբեր բողոքի նստացոյցերու պատճառով Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրի աշխատանքին կասեցումին պատճառով, եւ որպէսզի աղբերը փողոցներուն մէջ չդիզուին, աղբերը տեղադրուեցան ժամանակաւոր «կառատան» մը մէջ:

Այս ժամանակաշրջանին ընթացքին օրական 350 հազար թոն աղբ կուտակուեցաւ: Այդ «կառատուն»-ը աղբերէ դատարկելու աշխատանքը կապալառուն սկսաւ հոկտեմբեր 2018-ին: Այդ աշխատանքը Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ գործակցաբար կատարուեցաւ` նպատակ ունենալով կարելի եղածին չափ արագ կերպով աւարտել զայն:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը շրջանի բնակչութեան փոխանցած էր նաեւ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդին, ինչպէս նաեւ կապալառուին հաստատումները, թէ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի աղբերու ժամանակաւոր «կառատուն»-ը դատարկելու, եւ թէ այդ աշխատանքին աւարտին համար իբրեւ ժամկէտ ճշդուած է ամէնէն ուշը 28 փետրուար 2019-ն:

Հետեւաբար, շնորհակալութիւն կը յայտնենք շրջանի բնակչութեան եւ քաղաքացիներուն, որոնք վերջին ամիսներուն հանդուրժեցին այս աշխատանքն ու գարշահոտերը, եւ կը յուսանք, որ այս իմաստով համապատասխան լուծումներ կ՛որդեգրուին, որպէսզի ապագային նման կացութիւններ չկրկնուին:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

 

Նախորդը

Համազգայինը ՀՅ Դաշնակցութեան Նուէրն Է Հայութեան

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ղեկավարները Ընդունած Են Մօտիկ Ապագային Հանդիպելու Առաջարկը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.