Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Արտաշատ – Տիզպոնէն Մինչեւ Երեւան-Թեհրան Յարաբերութիւններ (Վարդանանց Օրուան Առիթով)

February 28, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարդանանց պատերազմի խորհուրդները ընկալելու վերլուծականները դասական առումով կը կեդրոնանան հաւատքի կառչածութեան եւ ընդհանրապէս խնդիրի բարոյական ծալքերուն վրայ: Քաղաքական առումով` ինքնուրոյնութիւնն ու  համեմատական գերիշխանութիւնը պահպանելու: Աշխարհաքաղաքական դիտանկիւնէն` օրուան պայմաններու նկատառումով ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը փրկելու կամ պարսկական համահարթեցումը կասեցնելու փաստերուն վրայ:

Քաղաքական վերլուծաբանութեան այժմէական փորձը հաւանաբար աւելորդ չնկատէ Պարսկաստան-Հայաստան դարաւոր յարաբերութիւններու, այսօրուան բառամթերքով` Թեհրան-Երեւան կապերու ռազմավարական նշանակութեան մասին անդրադարձ կատարելը:

Վարդանանցը անշուշտ Աւարայրով չէ աւարտած: Պատմութեան շարունակականութիւնը եւ երկու պետութիւններու անմիջական դրացնութիւնը յետցնցումային փուլեր ունեցած են: Վարդանանց ռազմաքաղաքական մեծագոյն դասը քաղած են վահանեան շարժումի ղեկավարները` փոխելով կռուելաձեւի օրէնքները: Ձեւափոխուած պատերազմին զուգահեռ լիարժէք աշխատած է դիւանագիտութիւնը, որ Տիզպոնի մէջ ձախողութեան մատնուած էր:

Վահանեան շարժումին կողմէ մղուած ներքաշող- սողացող պատերազմը իր լրումին հասած է Նուարսակի դաշնագիրին սկզբունքները նախապատրաստող հայկական դիւանագիտութեամբ, որ յամենայն դէպս գիտակցած է համեմատական գերիշխանութեան` այդ օրերու լայն լիազօրութիւններով ինքնավարութեան  դրոյթի պահպանման համար բնականոն յարաբերութիւններ ունենալ տարածաշրջանի գերտէրութեան հետ:

Տարածաշրջանի գլխաւոր խաղացող Թեհրանի հետ ռազմավարական գործընկերութեան յարաբերութիւններ կը կիրարկէ Երեւանը: Այս անգամ Յազկերտի լեզուն կը գործածուի նոյնինքն Իրանի դէմ, յատկապէս Ուաշինկթընի կողմէ պատժամիջոցային քաղաքականութեան իրականացումով: Եւ եթէ կիսաշրջափակուած Երեւանին համար Իրանը կարեւոր ելք է, ապա պատժամիջոցներու ենթարկուող Իրանի համար Հայաստանը կարեւոր տնտեսական պատուհան է:

Խօսքը ո՛չ միայն երկարաժամկէտ առումով հորիզոնին վրայ ուրուագծուող Մետաքսի ճամբուն վերագործարկման հաւանականութեան մասին է, ուր թէ՛ Թեհրանը եւ թէ՛ Երեւանը կարեւոր աշխարհագրական դիրքեր ունին: Հայկական պատուհանը Իրանը կրնայ դիտել Պարսից ու Կասպից ծովերը ցամաքով կապող կամուրջը եւ այդ կամուրջի իր կողմէ օգտագործման խիստ կենսունակութիւնը: Հայկական պատուհանէն Թեհրանի վարիչներուն համար տեսանելի կը դառնան Իրանէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք գործարկելի երկաթուղին ու անոր ճամբով Թեհրանէն Չինաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ ապրանքաշրջանառութեան հաւանական ծաւալները:

Այժմ Թեհրան գործուղուող պաշտօնական Երեւանի ներկայացուցիչները Տիզպոն հրաւիրուելու պայմաններով չէ, որ կ՛այցելեն: Հիմա արդէն սեղանի վրայ է Թեհրան-ԵՏՄ ազատ առեւտուրի պայմանագիրի նախագիծը, որ խիստ անհրաժեշտութիւն կը  ներկայացնէ Արեւմուտքի կողմէ մեկուսացուող Իրանին համար: Իսկ դէպի ԵՏՄ առաջին կանգառը Երեւանն է: Ապամեկուսացման համար անշրջանցելի միջավայրը:

Աւարայրը ռազմաքաղաքական դաս է ո՛չ միայն հայկական, այլ նաեւ պարսկական կողմին համար: Եթէ այդ մէկը անմիջականօրէն յանգած է Նուարսակի երկկողմ պայմանագիրին, ապա երկարած է դարերու վրայ հասնելու համար այսօրուան ռազմավարական յատուկ նշանակութիւն ունեցող գործընկերութեան` արցախեան հակամարտութեան գործընթացին Թեհրանի որդեգրած հաւասարակշիռ դիրքերէն մինչեւ առեւտրական բնոյթի տարբեր համաձայնագիրներ եւ միջպետական յարաբերութիւններու բազմաոլորտ պայմանաւորուածութիւններ:

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան Պաշտօնական Այցելութիւն Տուաւ Իրան. Հայ-Իրանական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ` Թեհրանի Մէջ

Յաջորդը

Պաչքով 2020-ի Ողիմպիական Խաղերուն Կը Պատրաստուի Միացեալ Նահանգներու Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.