Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Լսարան Թիւ 146. «Թումանեանը` Հայ Կերպարուեստի Մէջ» Նիւթով Ներկայացում

February 28, 2019
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 27 փետրուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի 146-րդ մամլոյ լսարանը, որ նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին, եւ որուն ընթացքին արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան ներկայացուց Թումանեանը` հայ կերպարուեստին մէջ:

Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ դիտել տուաւ, թէ օրեր առաջ Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին մեծ շուքով նշուեցաւ Թումանեանի ծննդեան օրը, որ վերածուած է նաեւ գեղեցիկ տօնի` մէկզմէկու գիրք նուիրելու: Ապա ան անդրադարձաւ Թումանեանի մեծ ժառանգութեան, կեանքին, բեղուն գործունէութեան, որ բաւական նիւթ տրամադրած է ուսումնասիրողներուն` աւելցնելով, որ Թումանեան նաեւ ստեղծագործութեան նիւթի վերածուած  գեղանկարիչներուն եւ քանդակագործներուն կողմէ, եւ այս նիւթին յատկացուած է այս երեկոյի լսարանը:

Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան նախ ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանի կենսագրական հիմնական գիծերը, հասարակութեան համար ծանօթ ու անծանօթ ծալքերը անոր կեանքին ու գործունէութեան` շեշտելով, որ խորհրդային տարիներուն Թումանեանի կենսագրութենէն բաւական բան պահուած է, այդ պատճառով ալ քիչ տեղեկութիւն հասած է սփիւռք: Այս բոլորին պատճառով ալ, նշեց ան, կարելի չէ եղած Յովհաննէս Թումանեանի մեծութիւնը, անոր խիտ կեանքը, փիլիսոփայութիւնը, ձգած ժառանգին արժէքը ամբողջական եւ անհրաժեշտ տարողութեամբ ընկալել: Մ. Հերկելեան վկայակոչեց Հրանդ Մաթեւոսեանի կողմէ անձամբ իրեն կատարուած այն հաստատումը, որ առանց Թումանեանի մենք ազգ չէինք կրնար ըլլալ եւ համապատասխան ներկայանալ արտաքին աշխարհին: Ան նաեւ մէջբերեց Թումանեանի այն հաստատումը, որ արուեստը աչքի պէս պարզ է, միեւնոյն ատեն` բարդ, յայտնելով, թէ նոյնն է պարագան Թումանեանի գրականութեան ու արուեստին, որ կրնայ շատ պարզ թուիլ, սակայն շատ խորքային է ու լեցուն:

Օրուան բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի հայրենասիրական ու ազգային գործունէութիւնը, ինքնապաշտպանութիւններուն մասնակցելու հանգամանքը, ատրճանակ գնելու համար իր վերարկուն ծախելու արարքը` հաստատելու, որ միայն գիրի, գրականութեան մարդ չէ եղած ան, այլ անոր կեանքը նաեւ լի եղած է հերոսութիւններով, իսկ ինք կը հանդիսանայ համահայկական հերոս, որ սերտօրէն գործակցած է Անդրանիկի հետ: Մովսէս Հերկելեան աւելցուց, որ Յովհաննէս Թումանեանը նաեւ ըմպած է կեանքի դառն բաժակէն` զաւակներ կորսնցուցած է, ձերբակալուած է, սակայն գոյատեւած ու շարունակած է ստեղծագործել:

Ապա սահիկներու ցուցադրութեամբ Մովսէս Հերկելեան ներկաներուն ցոյց տուաւ Թումանեանը մարմնաւորող ստեղծագործութիւնները հայրենի եւ Թիֆլիսի կերպարուեստագէտներու եւ քանդակագործներու` Հմայեակ Յակոբեան, Եղիշէ Թադեւոսեան, Գրիգոր Շարպապճեան, Գրիգոր Պատալեան, Մկրտիչ Տիրատուրեան, Այծեմնիկ Ուրարտու, Արա Սարգսեան, Ալեքսանտր Գրիգորեան, Գրիգոր Գէորգեան, Ղուկաս Չուպարեան, Յովսէփ Գարալեան, Հրաչեայ Ռուխկեան, Վահագն Թերզիպաշտեան  եւ Տիմիթրի Նալպանտեան: Մ. Հերկելեան իւրաքանչիւր գործի արժեւորումը կատարեց` յատկապէս մեկնելով այն հանգամանքէն, որ անոնց մէջ որքանո՛վ իրական կը ներկայանայ Յովհաննէս Թումանեանը, անոր տաղանդը, վեհութիւնը, խրոխտ կեցուածքը, վճռականութիւնը, նկարագիրը: Ան հաստատեց, որ լաւագոյն գործն ու Թումանեանը իսկապէս մարմնաւորող քանդակը կը հանդիսանայ Արա Սարգսեանի ստեղծագործութիւնը, որ զետեղուած է Երեւանի Օփերայի շրջափակին մէջ:

Աւարտին ներկաները դիտեցին Յ. Թումանեանի նուիրուած տեսերիզ մը, իսկ անկէ ետք Մովսէս Հերկելեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

Վարդանանց Խորհուրդով «Իմացեալ Մահը Անմահութիւն Է…» Դարերէն Եկող Այժմէական Հաստատում Եւ Պատգամ

Յաջորդը

Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն. Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց` Պուրճ Համուտի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.