22 փետրուար 2019-ի յետմիջօրէին, փոքրաթիւ ազրպէյճանցիներու խումբ մը ցոյց մը կազմակերպեց Սթոքհոլմի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց, այսպէս կոչուած Խոջալուի դէպքերուն առիթով:
Նախապէս դեսպանութիւնը տեղեակ պահած էր Շուէտի ՀՅԴ կոմիտէն ցոյցին մասին:
Շուէտի ՀՅԴ Երիտասարդականի խումբ մը ընկերներ եւ ընկերուհիներ, բարձրացուցած Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները, դեսպանատան դիմաց հաւաքուեցան եւ հակադարձեցին ազրպէյճանական խմբակին, որ կը գտնուէր դիմացի մայթը:
Դաշնակցական երիտասարդները յաջողեցան խափանել ազրպէյճանական քարոզչական մեքենան` իրենց կուռ ներկայութեամբ եւ կարգապահ շարքերով:
Անոնք ազգային-յեղափոխական երգերով թնդացուցին շրջակայքը եւ «Մեր հայրենիք»-ի խրոխտ մեկնաբանութեամբ աւարտեցին իրենց հաւաքը:



