Անգլիական «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Լայսթըր Սիթիի ղեկավարութիւնը որոշեց պաշտօնանկ ընել իր մարզիչը` Քլոտ Փիւյելը:
Ֆրանսացի մարզիչը իր կազմին հետ վերջին եօթը մրցումներուն կրեց 6 պարտութիւն, ինչ որ դժգոհութիւն յառաջացուց ակումբին մէջ:
Յառաջիկայ մրցումներուն անոր պաշտօնը պիտի կատարեն Մայք Սթիւըլ եւ Էտըմ Սետլըր:
Փիւյել, որ 2017 հոկտեմբերին նշանակուեցաւ մարզիչ, մինչեւ 2020 յունիս պայմանագրութիւն մը ստորագրած է իր կազմին հետ:
Լայսթըր Սիթի այժմ 32 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 12-րդ դիրքը:



