Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Մարդ Օրհնեալ Է, Եթէ Կամք Ունի Աստուծոյ Սէրը Գործնականացնելու»

February 26, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ` 25 փետրուարին այցելեց Անթիլիասի մէջ գտնուող «Մեզոն տէօ վի» կեդրոն` ընդառաջելով հրաւէրին անոր հիմնադիրին, աբբահայր Ուիսամ Մաալուֆին: Հանրապետութեան նախագահը մօտէն եւ մանրամասնութեամբ հետեւեցաւ կեդրոնին մէջ տարուած բարեսիրական աշխատանքներուն, ծաւալած մարդասիրական գործունէութեան: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախագահ Աուն դրուատեց կեդրոնի անդամներուն տարած աստուածահաճոյ գործը եւ դիտել տուաւ, որ Աստուած սէր է, իսկ եթէ մարդ ունի կամքն ու կարողութիւնը` այդ սէրը գործնականօրէն արտայայտելու, ուրեմն օրհնեալ է:

Ապա հանրապետութեան նախագահը շրջագայեցաւ կեդրոնին մէջ եւ այցելեց անոր բաժանմունքները. արտասանուեցան շնորհակալութեան խօսքեր, որոնց մէջ պատասխանատուները մաղթեցին, որ նախագահ Աուն անսասան մնայ իբրեւ նախագահ իր տարած մարդկային եւ ազգային առաքելութեան մէջ:

Անկէ ետք մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` նախագահին, պատսպարեալ տարեցներուն, կեդրոնի պատասխանատուներուն եւ կամաւորներուն ներկայութեան, բոլորը աղօթեցին Լիբանանի եւ անոր նախագահին համար: Աւարտին, նախագահ Աուն «Մեզոն տէօ վի» կեդրոնի ոսկեայ մատեանին մէջ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Քրիստոնեայ այս միաբանութեան անդամներուն դէմքերուն վրայ կ’արտացոլայ համեստութեան զգացումը, որ շնորհուած է եկեղեցւոյ կողմէ, որպէսզի վերածուի նուիրումի աղբիւրի, եւ դուք լծուիք աղքատներուն, հիւանդներուն, լուսանցքի վրայ մոռցուածներուն ծառայութեան: Թող ձեր ուղին միշտ լուսաւորուած մնայ Քրիստոսի լոյսով, որմէ ուժ կը ստանաք համբերութեամբ եւ յոյսով յառաջ տանելու այս աշխատանքը: Այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր տիրական են անձնասիրութիւնը, աշխարհիկ ընչաքաղցութիւնը, դուք շարունակեցէ՛ք մնալ բարիքի աղբիւր»:

25 փետրուարին նախագահ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ունեցաւ այցելուներ, որոնց կարգին` նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ, որուն հետ քննարկեց շրջանային եւ տեղական իրադարձութիւնները, նախկին նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, ինչպէս նաեւ Աննայա շրջանի քաղաքապետութեան խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը` երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի ներկայութեան:

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Հասկացողութիւն Կը Ցուցաբերէ Լիբանանի Կեցուածքին Նկատմամբ` Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Հարցով

Յաջորդը

Արաբական-Եւրոպական Խորհրդաժողով. Հարիրի. «Եւրոպական Երկիրները Հաստատեցին, Որ Պիտի Շարունակեն Աջակցիլ Լիբանանի»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.