Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ, երէկ Շարմ Շէյխի մէջ Արաբական-Եւրոպական վեհաժողովի նիստի ընթացքին յայտարարեց. «Իրանեան արարքներն ու թրքական քայլերը միջամտութիւններ են, որոնք շրջանին մէջ տագնապները կը հրահրեն, ուստի շրջանային հակամարտութիւնները զինուորական լուծում չունին եւ պէտք է աշխատանք տանիլ քաղաքական լուծումներու ուղղութեամբ»:



