Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանութեան Կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Օրհներգը Լուծարելու Ծրագիրը Կրկին Օրակարգի Վրայ

February 25, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Բոլոր երեւոյթները այսօր ցոյց կու տան, որ Հայաստանի ազգային օրհներգը լուծարելու ծրագիրը պատահական քմայքի ծնունդ չէ: Ան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանի բարդոյթներէն ծնած սոսկ նախաձեռնութիւն մը չէ: Անոր ետին գոյութիւն ունի մէկ ամբողջ հաստատութիւն մը (establishment)` իր կանխամտածուած ռազմավարութեամբ, որուն նպատակն է լուծարել ոչ միայն օրհներգը, ոչ միայն աղաւաղել ազգային եռագոյնը եւ Հայաստանի զինանշանը, այլեւ` հարազատ այս խորհրդանիշներով մարմնաւորուած մեր անկախ պետականութեան ազգային  գաղափարախօսութի՛ւնը:

Պր. Սիմոնեանի Դիմատետրի գրառումները այսօր արդէն կը ծանուցեն իշխանութեան հեռահաս նախաձեռնութիւնը: Պր. Սիմոնեան եւ իր գաղափարակիցները արդէն անցած են գործի` օրհներգի պաշտօնական լուծարման համար հող պատրաստելու: Պր. Սիմոնեան կը ծանուցէ հրապարակային մրցոյթ` Խորհրդային Հայաստանի «հիմն»-ի բառերը նոր բառերով փոխարինելու: Այսինքն` ծածկելո՛ւ անոր ստրկահաճ ստալինական էութիւնը եւ զայն բռնի հրելու մեր ժողովուրդի կոկորդն ի վար: Ան նաեւ կը ծանուցէ անունները իր կողմէ նշանակուած «աշխատանքային խումբ»-ի անդամներուն, որոնք կոչուած են ընտրելու ներկայացուելիք տարբերակներուն միջեւ: Երեւի նմա՛նը` նախորդ իշխանութեան կողմէ Արամ Մանուկեանի յուշակոթողի ճակատագիրը որոշողներու խառնափնթոր գործընթացին:

Ըստ պր. Սիմոնեանի գրառման, այս խումբին անդամներն են`

«… Աշխատանքային խմբի կազմ /համալրուող/`

1.- Դանիէլ Երաժիշտ, տիրիժէօր, երաժշտագէտ
2.- Տէր Ասողիկ, հոգեւորական, Մայր Աթոռ
3.- Արամ Սաթեան, Կոմպոզիտորների միութեան նախագահ
4.- Ալեն Սիմոնեան, ԱԺ նախագահի տեղակալ
5.- Էդուարդ Միլիտոնեան, Գրողների միութեան նախագահ
6.- Նիկոլայ Կոստանդեան, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի տնօրէն
7.- Արմինէ Գրիգորեան, Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանի տնօրէն
8.- Հենրիկ Յովհաննիսեան, ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ, դոկտոր, փրոֆեսէօր
9.- Ֆելիքս Բախչինեան, գրականագէտ
10.- Դաւիթ Գիւրջինեան, Լեզուի պետական կոմիտէի նախագահ»:

Կը պարզուի, որ պր. Սիմոնեան ինքզինքն ալ նշանակած է դատակազմի անդամ… Նշանակուած են շարք մը հեղինակաւոր դէմքեր` արագօրէն հարազատագրելու (legitimize) եւ ի վերջոյ օրինականացնելու համար ազգային հոգեւոր հարստութեան այս բացորոշ սպանդը: Այսպէս էր ստալինիզմի օրերուն եւ այսպէս կը թուի ըլլալ հիմա: Բայց ինչո՞ւ հիմա® Ի վերջոյ հայ մշակոյթի բեմին վրայ կարեւոր դիրքերու կոչուած այս մարդիկ անձնական պարտաւորութիւն մը ունի՞ն մեր անկախ պետականութեան հանդէպ: Կը կրկնե՛մ: Մեր մշակոյթը յետին մանրամասնութեամբ բանասիրող այս հանրահռչակ մտաւորականները անձնական յանձնառութիւն մը եւ անզիջելի պատասխանատուութիւն մը ունի՞ն հայ բանին հանդէպ եւ քաջութի՛ւնը` անոր դէմ եղած այս զազրելի ոտնձգութիւնը մերժելու եւ կտրել-նետելու իշխանութեան ներսը պալարուող այս ախտը: Թէ պարզապէս իրենց պարտականութիւնն է առաջնորդուիլ անգրագէտներու այս իշխանութեան հրահանգներով: Եւ, խնդրեմ, մի՛ փորձէք աղաւաղել իմ հարցադրութեան միտք բանին: Ես մեծ յարգանք ունիմ Հենրիկ Յովհաննիսեանի եւ Դաւիթ Գիւրջինեանի պէս մարդոց հանդէպ: Կասկած չունիմ, որ նոյնքան յարգանքի արժանի են նաեւ միւսները: Բայց այստեղ մեծ աղէտ մըն է, որ կը նիւթուի մեր ազգային հոգեւոր հարստութեան դէմ, եւ դո՛ւք, պր. Սիմոնեան, բարոյական իրաւունքը չունիք մեր հոգեւոր կեանքի առաջնորդներու այս հոյլը վարկաբեկելու մեր ժողովուրդի աչքին:

Եւ յետոյ ի՞նչ բան էր այսօրուան Հանրային հեռուստատեսութեան եթերով հեռասփռուած «Ունէք խնդիր` եկէք հասկանանք» յայտագրի թողարկումը` յատկացուած Հայաստանի ազգային օրհներգի հրապարակային գզգզման:

Այս արշաւը կանգ պիտի առնէ: Ազգային օրհներգը եւ ազգային միւս խորհրդանիշները այլընտրանք չունին: Ասիկա սոփեստութեան խաղադաշտը չի կրնար ըլլալ: Մեր ժողովուրդի արեամբ եւ քրտինքով եւ հանճարո՛վ նուիրագործուած մեր ազգային խորհրդանիշները պիտի չփոխուին եւ ՎԵՐՋ: Եւ բոլոր անոնք, որոնք քաղաքական հաշիւներով կամ փառամոլութեամբ կամ անգիտութեամբ կամ անփութութեամբ իրենց անունները կը կապեն այս այլանդակ նախաձեռնութեան, հաշուետու պիտի ըլլան իրենց խղճին առջեւ, որ շատ խիստ դատաւոր մըն է:

Փետրուարի 18-ին պոլշեւիկեան 1921 թուի բռնատիրութեան դէմ Փետրուարեան ապստամբութեան ոգեկոչումը չկար այս իշխանութեան օրակարգին վրայ, բայց արդէն պարզ է, որ մեր ժողովուրդի այդ հերոսական պոռթկումը առաջնորդող Հայաստանի ազգային օրհներգի լուծարման ծրագիրը օրակարգի վրայ էր: Փետրուարեան ապստամբութեամբ մեր ժողովուրդը ըսաւ իր վերջին խօսքը պոլշեւիզմի մասին: Կասկած մի՛ ունենաք, որ այդ խօսքը ի զօրու է, այդ խօսքը «ուժի մէջ» է նաեւ այսօր:

20 փետրուար 2019
Ուաշինկթըն

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (25 Փետրուար 1969)

Յաջորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Բարոյականութիւնն Ու Քաղաքականութիւնը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.