Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՈՐՔԱՆ ՇՈՒՏ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ՃԱՆՉՆԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՆՑԵԱԼԸ, ԱՅՆՔԱՆ ԼԱՒ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

March 24, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Շուէտի դեսպանը եւ նախագահ Սարգսեան

«Որքան շուտ թուրքերը ճանչնան իրենց անցեալը, այնքան լաւ է թէ՛ իրենց, թէ՛ մեզի համար», յայտարարեց նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի մէջ Շուէտի նոր նշանակուած դեսպան Տիանա Եանսէի հետ երէկ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին:

«Մենք անցեալով չենք ապրիր, եւ ատոր վառ ապացոյցը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու մեր նախաձեռնութիւնն էր, ինչ որ սակայն չի նշանակեր, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը մեզի համար երկրորդական կրնայ դառնալ», ընդգծեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նախագահի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, որ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Շուէտին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար` ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդը երախտապարտ է բոլոր այն երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն, որոնք այդ ճանաչումով ոչ միայն կը յարգեն Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, այլ այդ քայլով իրենց նպաստը կը բերեն նաեւ հետագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման:

Շուէտի խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը ընդունեց տարի մը առաջ: Երկրին կառավարութիւնը, սակայն, քննադատեց ընդունուած բանաձեւը, իսկ վարչապետ Ֆրետրիք Ռէյնֆելտ նոյնիսկ ներում հայցեց թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն` խորհրդարանի որոշումին համար:

Իր կարգին, նախանցեալ օր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Շուէտի նոր նշանակուած դեսպան Տիանա Եանսէն` հաւատարմագիրներու պատճէնի յանձնման առիթով:

Շնորհաւորելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան յաջողութիւններ մաղթեց դեսպանին իր նոր առաքելութեան մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ իր նախորդներուն նման դեսպան Եանսէ իր կարեւոր նպաստը բերէ Հայաստանի եւ Շուէտի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման:

Դեսպան Եանսէ շնորհակալութիւն յայտնելով բարեմաղթութիւններուն համար` վստահեցուց, որ պիտի ընէ իր կարելին հայ-շուէտական գործակցութիւնը աւելի ընդլայնելու համար:

Խօսելով երկկողմանի հայ-շուէտական յարաբերութիւններուն մասին` նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Շուէտի հետ համագործակցութեան զարգացման` քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ: Այդ ծիրին մէջ Էդուարդ Նալբանդեան առանձնացուց իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնումը, քաղաքական երկխօսութիւնը, տնտեսական փոխադարձ գործակցութիւնը եւ մշակութային փոխանակումները:

Էդուարդ Նալբանդեան ողջունեց նաեւ ապրիլի սկիզբը Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթի Հայաստան կատարելիք այցելութեան օրակարգը:

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման եւ համագործակցութեան գործող ձեւաչափերու ծիրին մէջ կատարուող աշխատանքներուն:

Նախարար Նալբանդեան եւ դեսպան Եանսէ միտքեր փոխանակեցին շրջանային հարցերու շուրջ:

Նախորդը

ՕՍԿԱՆԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԱՅՑԵԼԵԼՈՒ ՐԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻՆ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.